«Հայրենիք»․- 20 Օգոստոսին, կազմակերպութեամբ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ «Սեւրի դաշնագիր՝ անաւարտ պարտականութիւն մը» նիւթով առցանց հաւաքը, մասնակցութեամբ երեք փաստաբաններու՝ Վիգէն Սոնենց Փափազեանի, Սթիւ Տէտէեանի եւ Արմէն Յովհաննէսեանի։
Զրուցավար Փափազեան յայտնեց, որ Սեւրի դաշնագիրը եղաւ միջազգային օրէնքի եւ իրաւունքի այն միակ փաստաթուղթը, որուն մէջ մանրամասնօրէն ճշդուած ու քարտէսագրուած են հայկական ու թրքական պետութիւններուն միջեւ միջազգային սահմանները՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ։
Յովհաննէսեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց դաշնագիրի ստորագրութեան պաշտօնական արարողութեան եւ դաշնագիրին կարեւր կէտերուն մասին։
Տէտէեան շեշտեց, թէ Սեւրի դաշնագիրը մէկն էր Առաջին Աշխարհամարտին աւարտը իրաւականօրէն հաստատագրող այն դաշնագիրներէն, որոնք պատերազմի յաղթական կողմէն պարտադրուեցան Գերմանիոյ, Աւստրօ-Հունգարիոյ, Պուլկարիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան վրայ։
Զրոյցը բաւական երկար տեւելուն պատճառաւ, յառաջիկային հարցում-պատասխանի յատուկ առցանց հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ։ Այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայ իրաւաբանական միութեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի ու Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբերուն կողմէ։
Աւելցնենք, որ Պոսթընի «Սարդարապատ» կոմիտէն ալ նման առցանց ձեռնարկ մը կազմակերպած էր 23 Օգոստոսին եւ օրուան բանախօսն էր Երեւանի համալսարանի դասախօս Խաչատուր Ստեփանեան։