“Ազդակ”._Երկուշաբթի, 7 Սեպտեմբերին Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ ընթացք առաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասներ կրած բնակարաններու ընտանիքներուն դրամական հատուցումներու փոխանցման Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինին ծրագիրը:

Յայտնենք, որ բոլոր ընտանիքները պիտի ստանան հատուցում: Ծրագիրին գործադրութեան առաջին օրը 210 ընտանիքներ, նախօրօք իրենց տրուած ժամադրութեամբ, ներկայացան եւ ստացան իրենց համար ճշդուած գումարը:

Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը մինչեւ ուրբաթ պիտի աւարտէ ներկայացած 1485 դիմողներու հատուցման տուչութեան աշխատանքը: