“Արմէնփրէս”._Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 9 Սեպտեմբերին ընդունած է «Իզմիրլեան» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Չօպանեանն ու փոխտնօրէն Բաբգէն Բաբայեանը:
Երկրի ղեկավարը բարձր գնահատած է հիմնադրամի գործունէութիւնը՝ յայտնելով, որ կառոյցը առաջիններէն էր, որ աջակցութեան ձեռք մեկնեց Արցախին: Հանրապետութեան նախագահին խօսքով՝ «Իզմիրլեան» հիմնադրամին շնորհիւ յատկապէս վերջին տարիներուն յաջողութեամբ կեանքի կոչուած են կրթական, ականազերծման եւ շարք մը այլ ծրագիրներ, որոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին արցախահայութեան համար: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Իզմիրլեան ընտանիքին հայրենանուէր գործունէութեան համար` ընդգծելով կառավարութեան՝ այսուհետեւ գործուն գործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը:
«Իզմիրլեան» հիմնադրամի պատասխանատուները իրենց կարգին շնորհակալութիւն յայտնած են նախագահին ջերմ ընդունելութեան համար եւ յայտնած են, որ պատրաստ են քննարկելու նոր առաջարկներ: