“Ազդակ”._Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հրաւէրով, Լիբանանի մէջ գործող հայկական օրաթերթերու եւ ձայնասփիւռի կայաններու ներկայացուցիչները Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցան «Հայաստան» համայհակական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի հետ: Հանդիպման ներկայ էր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի յանձնախումբի ատենապետ Գրիգոր Թերզեան, յանձնախումբի անդամ Լորիկ Ծատուրեան եւ դեսպանութեան քարտուղար Դաւիթ Ալլավերտեան:

Հանդիպումը առիթ էր իրազեկ դառնալու հիմնադրամի գործունէութեան, յատկապէս ճգնաժամի մէջ յայտնուած համայնքներուն կատարուող աջակցութիւններուն մասին:

Կարեւոր նկատելով մամուլին դերը մեր հանրային կեանքին եւ հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան դաշտին մէջ կամուրջներ հաստատելու առումով` հիմնադրամի տնօրէնութիւնը ընդհանուր 13.000 տոլար (տասներեք հազար ամերիկեան տոլար) կը յատկացնէ օրաթերթերուն եւ ձայնասփիւռի կայաններուն` գնահատելով անոնց առաքելութիւնը յատկապէս հայատառ եւ հայալեզու նիւթերու հրապարակման եւ տարածման մէջ:

Մամլոյ ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէնին` ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ լիբանանահայ մամուլին աջակցելուն համար: