Ուրբաթ, 11 Սեպտեմբեր 2020-ին, «Ռուսիա Սիկոտունեայ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ նախորդ Չորեքշաբթի օր, RT պատկերասփիռի կայանի հայազգի խմբագիր Մարկարէթա Սիմոնեան պսակաձեւ ժահրին դէմ Ռուսիոյ արտադրած «Սփութնիք-7» պատուաստը ստացաւ։
Սիմոնեան «Թուիթըր» ի իր անձնական էջին վրայ գրած է, որ արդէն 2 օր անցած է պատուաստը ստանալէն եւ առողջապահական վիճակը կայուն է, ինչպէս նաեւ յայտնեց, որ լրագրութեան ասպարէզէն շատեր պատուաստը ստացան, որպէս առաջին փորձի ենթարկուողներ։

Յիշեցնենք, որ անցեալ ամիս Ռուսիա աշխարհի առաջին պետութիւնը հանդիսացաւ, որ պսակաձեւ ժահրին դէմ պատուաստ արտադրելուն մասին յայտարարութիւն հրապարակեց։ Ռուսիոյ կարգ մը քաղաքական գիրծիչներ եւս ստացան պատուաստը, ինչպէս Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շուէյօն եւ Մոսկուայի նահանգապետ Սերկէյ Սիպեանէն։