Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 4-5 Սեպտեմբերին մասնակցած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ ՄԱԿ-ի Արդիւնաբերութեան Զարգացման Կազմակերպութեան (UNIDO) համանախագահութեամբ կազմակերպուած՝ Արտադրութեան եւ Արդիւնաբերութեան Համաշխարհային Վեհաժողովին (GMIS2020):
Միջազգային հեղինակաւոր այս վեհաժողովը այս տարի իրականացած է  առցանց եղանակով եւ համախմբած է համաշխարհային աւելի քան 90 առաջնորդներ, ինչպէս նաեւ միջազգային մեծ ընկերութիւններու ղեկավարներ՝ քննարկելու համար յետհամավարակային ժամանակաշրջանին երկիրներու կողմէն տնտեսութիւններու վերականգնումի կարելիութիւնները:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հանդէս  եկած է վեհաժողովի՝ «Վերականգնելով բարեկեցութիւնը յետհամավարակային աշխարհին մէջ» խորագիրով քննարկումին ընթացքին:
Քննարկումը վարող՝ CNN-ի յայտնի մեկնաբան Ճոն Թեֆտերիոզ, դիմելով Հայաստանի նախագահին, նշած է, որ վեհաժողովին կը խօսուի 4-րդ արդիւնաբերական յեղափոխութեան մասին, իսկ Արմէն Սարգսեան բազմիցս ըսած է, որ 21-րդ դարուն մարդկութիւնը մուտք  գործած է սրընթաց յեղափոխութեան փուլ: Ան Հայաստանի նախագահին առաջարկած է խօսիլ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ անոր ազդեցութեան մասին:
Նախագահ Սարգսեան դիտել տուած է, որ «խօսքը միայն յեղափոխութեան մասին չէ, մարդկութիւնը մեծ փոխակերպումներու փուլ կ’ապրի: Մեր զարգացման նոր դարաշրջանը ես կ’անուանեմ այնպիսի աշխարհ, ուր իւրաքանչիւր անհատ կամ մասնիկ կը դառնայ շատ զօրեղ, աշխարհին, ուր փոքրը կրնայ ըլլալ ոչ միայն գեղեցիկ, այլեւ՝ հզօր: Ուստի յեղափոխութիւնները մէկը միւսին պիտի յաջորդեն, պիտի ըլլան  արդիւնաբերական, գիտական, արհեստագիտական, որուն հետեւանքով ալ մշտական փոփոխութիւններու փուլի մէջ պիտի ապրինք՝ հաւանաբար, ունենալով անկայունութեան զգացում, սակայն, միեւնոյն ատեն, մենք մուտք պիտի գործենք նոր, մեծ աշխարհ»:
«Անորոշութիւններու ժամանակի մէջ, եթէ դուն կորսնցնես մարդկային արժանապատուութիւնդ կամ մարդկութիւնդ, շատ դիւրին է դառնալ այլատեաց, շատ դիւրին է մեղադրել ուրիշները  քու ձախողութիւններուդ համար: Եւ ես հիմա աշխարհին մէջ կը տեսնեմ առկայութիւնը այնպիսի խնդիրներու, որոնք կը պատահին, քանի որ մենք անցումային փուլի մէջ ենք: Բոլորովին վերջերս, երբ Հայաստան կը պայքարէր պսակաձեւ ժահրին դէմ, եւ մեր դրացի Ատրպէյճան եւս կը պայքարէր այս ժահրին դէմ, Ատրպէյճան Հայաստանի հետ սահմանին վրայ սկսաւ զինուորական գործողութիւններ: Հոս ո՞ւր է առողջ բանականութիւնը», հարց տուած է հանրապետութեան նախագահը:
Արմէն Սարգսեան անդրադարձած է այդ շրջանին եւս Թուրքիոյ կարծր հռետորաբանութեան: «Ատիկա եւս կ’անհանգստացնէ զիս՝ իբրեւ Հայաստանի նախագահ, քանի որ ատիկա զիս կը վերադարձնէ 105 տարի ետ, երբ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցաւ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ: Եւ զիս աւելի ու աւելի շատ կ’անհանգստացնէ այն,  որ ատրպէյճանցի որոշ պաշտօնեաներ կը խօսին Հայաստանի հիւլէական կայանը հարուածելու մասին, որ չլսուած բան է: Հայկական հիւլէական կայանը հարուածելը պիտի վնասէ ո՛չ միայն Հայաստանին, այլ նաեւ բոլորին, բոլոր դրացիներուն՝ Վրաստանին, Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ: Եւ ատիկա պիտի ըլլայ այլ «Չեռնոպիլ» մը շրջանին մէջ», դիտել տուած է նախագահը:
Ան յոյս յայտնած է, որ հին աշխարհէն նորին անցնելու փոխակերպման այս դժուար ընթացքին մենք չենք կորսնցներ մեր ողջախոհութիւնը, մարդկայնութիւնը։ «Այդ իսկ պատճառով ես կ’օգտագործեմ «ժառանգութիւն» բառը։ ՄԱԿ-ը շատ արժեքաւոր եւ հզօր ժառանգութիւն է,  որ մենք ունինք 21-րդ դարուն մէջ։ Միակ բանը, որ պէտք է ընենք, ուժեղացնելն է եւ նոր իմաստ հաղորդել այս հրաշալի կազմակերպութեան։ Մեր ժառանգութիւնը ոչնչացնելը յառաջանալու սխալ ճանապարհ է։ Դէպի ապագայ տանող ճամբան պէտք է հիմնուած ըլլայ մեր յաջողութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն վրայ», եզրափակած է նախագահ Սարգսեան։