ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 9 Սեպտեմբերին ընդունած է  ՀՀ-ի Միացեալ Թագաւորութեան դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար տիկին Հելեն Ֆազէյին:
Պաշտպանութեան նախարարը շնորհաւորած է տիկին Ֆազէյին Հայաստանի մէջ իր առաքելութիւնը սկսելուն համար եւ մաղթած նորանոր ձեռքբերումներ հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացին մէջ, մասնաւորապէս՝ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ։ Քննարկման ընթացքին Դաւիթ Տօնոյեան գոհունակութիւն յայտնած է երկկողմ գործակցութեան  ներկայ մակարդակին առումով եւ յոյս յայտնած, որ համավարակին հետեւանքով տեղի ունեցած սահմանափակումներուն մեղմացումէն ետք փոխգործակցութիւնը նոր թափ կը ստանայ։ Ան կարեւոր համարած է յատկապէս երկկողմ ռազմաքաղաքական քննարկումները՝ միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգային հարցերու շուրջ դիրքորոշումներու փոխանակման նպատակով։
Պաշտպանութեան նախարարը անդրադարձած է նաեւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ ներկայացուցած իր մտահոգութիւնները անվտանգութեան միջավայրին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին։