Պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշացման ճշգրիտ միջոցներուն մասին յաւելեալ լուսաբանութիւն ստանալու եւ մեր ընթերցողները իրազեկ դարձնելու համար, «Գանձասար» դիմեց Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Հանրային Առողջապահութեան բաժանմունքի դասախօս, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեանին, որ սիրայօժար ընդառաջեց մեր առաջարկին՝ պատասխանելով ընթերցողներէն մեզի հասած շարք մը հարցումներու եւ իր մասնագիտական փորձառութեամբ նպաստելով հանրային իմացութեան մակարդակի բարձրացման։ Կը հրապարակենք հարցազրոյցի երրորդ եւ վերջին բաժինը։
«Գանձասար»- Պսակաձեւ ժահրի համավարակէն պաշտպանուելու համար ինչպէ՞ս կրնանք մեր դիմադրողականութիւնը զօրացնել:
Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեան- Շատ կարեւոր է յարգել նախազգուշացման այն բոլոր միջոցները, որոնք կը թելադրուին ժողովուրդին, այսինքն՝
Ա- Յաճախակիօրէն ձեռքերը լուալ նուազագոյնը երեսուն երկվայրկեան տեւողութեամբ եւ բոլոր մասերով՝ մատներն ու դաստակը ներառեալ:
Բ- Խճողումի մէջ ըլլալու եւ ուրիշներու հետ տեսակցութիւն ունենալու պարագային անպայման դիմակ կրել: Չդպչիլ երեսին, մանաւանդ աչքերուն, քիթին եւ բերնին:
Գ- Մեր օգտագործած սեղանները, աթոռները եւ տարածութիւնը, որուն վրայ կ’աշխատինք, առօրեայ դրութեամբ հականեխել եւ մաքուր պահել:
Այս բոլորը կիրառելով, երբ մաքուր ըլլայ մեր մարմինը եւ շրջապատը, անշուշտ մենք աւելի կրնանք դիմադրել հիւանդութիւններուն, որոնց կարգին նաեւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին:
Մինչեւ օրս որեւէ մէկ գիտական ուսումնասիրութիւն կամ տուեալ չկայ, որ կը փաստէ, թէ սնունդի տեսակով մը կամ յատուկ ձեւով մը մենք կրնանք պաշտպանել մենք զմեզ, կամ կրնանք աւելի ուժեղ դիմադրողականութիւն ունենալ այս համավարակին դէմ: Այդ պատճառով կը յանձնարարուին կանխարգիլման միջոցներ, որոնք գործադրելով կը հաւատանք, որ պիտի դիմադրենք հիւանդութեան:
-Ժողովուրդին շարունակ կը յանձնարարուի առողջ ապրելակերպ ունենալ, որպէսզի բոլոր տեսակի հիւանդութիւնները կարենանք յաղթահարել, նոյն սկզբունքէն մեկնած այս փուլին կը յանձնարարուի ճնշուածութենէ հեռու մնալ, մանաւանդ հետեւողական ճնշուածութենէ՝ chronic stress-է, որովհետեւ երկար ժամանակ եթէ այդ վիճակին մէջ մնանք, մեր մարմինէն ներս, հոգեկան բարդութիւններուն կողքին, կրնան ֆիզիքական ախտեր յայտնուիլ: Գիտութիւնը յստակօրէն կը փաստէ, որ գերճնշուածութիւնը մեր դիմադրողականութիւնը կը նուազեցնէ բոլոր հիւանդութիւններուն դէմ, որոնց կարգին նաեւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին դէմ:
– Դիմադրողականութիւնը կրնանք զօրացնել մեր քունի ժամերը կանոնաւոր պահելով եւ չխանգարելով: Իւրաքանչիւր անհատ պէտք է ուշադիր ըլլայ, որ առօրեայ դրութեամբ իրեն պէտք եղած քունի ժամերը ամբողջացնէ:
– Միշտ կը թելադրուի կանոնաւոր կերպով մարզանք ընել, նաեւ այս պարագային, թեթեւ կամ միջակ տարողութեամբ մարզանքը օգտակար է, ինչպէս՝ քալել կամ տունէն ներս ուրիշ տեսակի մարզանք ընել: Մարզանքով առողջ կը պահենք մեր արեան շրջանառութիւնը եւ կը նպաստենք, որ ճնշուածութիւնը թեթեւնայ, եթէ մենք գործէն կամ կեանքի տարբեր դժուարութիւններէն այդ ճնշուածութիւնը կը զգանք:
– Առողջ սննդականոն ունենալ, ո՛չ թէ անպայմանօրէն ճաշի յատուկ տեսակներ կամ ուտեստեղէն օգտագործելով, որովհետեւ ինչպէս ըսի որեւէ մէկ գիտական տուեալ չկայ, որ կը փաստէ, թէ յատուկ ուտելիքներ կրնան մեր դիմադրողականութիւնը զօրացնել եւ պաշտպանել մեզ պսակաձեւ ժահրէն: Միտքը այն է, որ մենք եթէ միշտ սննդարար ուտելիքներուն առաջնահերթութիւն տանք, այսինքն՝ բանջարեղէններուն, պտուղներուն, ընդեղէններուն եւ մեր սնունդին մէջ թեթեւցնենք ոչ թարմ կամ ոչ բնական ուտելիքներու տեսակը, փոխարէնը միշտ ներառենք թարմ, սննդարար եւ առողջ սնունդ, այդ մէկը պիտի օգնէ որ մեր դիմադրողականութիւնը զօրանայ:
– Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ կարգ մը կենսանիւթեր, ինչպէս C կենսանիւթը, D կենսանիւթը, A կենսանիւթը եւ կարգ մը մետաղներ, ինչպէս՝ զինկը եւ սիլինիոմը, կ’օգնեն մեզի հիւանդութիւնը աւելի կարճ տեւողութեամբ յաղթահարելու եւ աւելի արագ առողջանալու: Տակաւին ուսումնասիրութեան մէջ են եւ շատ մեծ փաստեր չկան այս բոլորը մատնանշող, բայց գիտենք, որ պսակաձեւ ժահրէն անդին այս կենսանիւթերը կ’օգնեն, որ մեր դիմադրողականութիւնը զօրանայ եւ ընդհանրապէս կը յանձնարարուին առողջ ապրելակերպի մը ծիրէն ներս, այսինքն՝ մարզանքի, սնունդի, ճնշուածութեան դէմ պայքարի ծիրէն ներս: Այս բոլորին մէջ կը ներառուին այս քիմիական կենսանիւթերը եւ մետաղները, անշուշտ բժիշկին յանձնարարութեամբ, որովհետեւ անհատը եթէ ուրիշ դեղեր կը գործածէ կամ յատուկ հիւանդութիւններ ունի, պէտք է անպայման ստուգէ անոնց ազդեցութիւնը եւ ըստայնմ օգտագործէ:
– Ծխախոտէ զերծ մնալ, նոյնիսկ կլկլակէն, մանաւանդ համաճարակի այս օրերուն: Կարելի է դիմել բժիշկներու եւ մասնագէտներու, որոնք կրնան մեզի օժանդակել, որպէսզի մենք ծխախոտը ձգենք: Գիտական ուսումնասիրութիւններու հետեւանքով փաստուեցաւ, որ այն անհատները, որոնք ծխախոտ կամ կլկլակ կը գործածեն՝ աւելի հակամէտ են այս հիւանդութեան ծանր տեսակը ունենալու, որովհետեւ իրենք այդ դիմադրողականութիւնը չունին եւ արդէն իսկ իրենց թոքերը յոգնեցուցած են ծխախոտի հետեւանքով:
«Գ.»- Համավարակի գոյութեան այս շրջանին առողջ ապրելակերպ վարելու համար ի՞նչ կը թելադրէք առաւելաբար:
Թ.Գ.Հ.- Պէտք է համոզուինք, որ այս ժահրը մեր մէջ պիտի մնայ երկար ատեն եւ մենք պիտի սորվինք ընտելանալ այս իրականութեան հետ, որ մենք երկար տարիներ կրնայ ըլլալ ստիպուած ըլլանք ապրելու այս ժահրին հետ:
Համավարակը տարբեր տարողութիւն պիտի ունենայ, տարբեր երկիրներու եւ տարածաշրջաններու մէջ: Քանի մը ամիս անգամ մը պիտի տեսնենք, որ տարածաշրջանի մը մէջ կամ երկրի մը մէջ հիւանդներուն թիւերը կ’աւելնան, ուրիշ տեղ մը կը պակսին: Այդ բոլորը տեղի պիտի ունենան, անշուշտ կախեալ են այդ երկրին մէջ կանխարգիլման միջոցներու օգտագործումէն եւ թէ որքանո՞վ  ժողովուրդը կը հետեւի այդ բոլոր յանձնարարութիւններուն, որոնք կը տրուին իրեն: Որքանո՞վ պետութիւններ կրնան ստեղծել առողջ միջավայր հաստատութիւններէ ներս կամ որեւէ մէկ տեղ, ուր ժողովուրդը ներկայ պիտի կրնայ գտնուիլ այնպէս մը, որ վարակը չտարածուի:
Երկու ուղղութեամբ պարտականութիւն գոյութիւն ունի, թէ՛ պետութիւնը պէտք է առողջ միջավայր ստեղծէ, եւ թէ՛ ժողովուրդը տրուած յանձնարարութիւններուն պէտք է հետեւի:
 Դարձեալ կրկնելով անհրաժեշտ կը նկատեմ հաստատել, որ այս ժահրը երկար ատեն մեր մէջ պիտի ապրի եւ մենք պիտի վարժուինք ապրիլ այս ժահրին հետ: Եթէ մենք նախազգուշական միջոցներուն  պէտք եղածին պէս չհետեւինք, պիտի տեսնենք, որ հիւանդներուն թիւը կ’աւելնայ: Այսինքն՝ մենք մեր զէնքերը չենք կրնար ձգել եւ ըսել թէ արդէն իսկ համավարակը մեր երկրէն անցաւ եւ կրկին պիտի չվերադառնայ: Իրականութեան մէջ ժահրը պիտի չանհետանայ, որովհետեւ տակաւին չունինք պատուաստը եւ ազդու դեղերը, որոնք կրնան մարդոց կեանքը ազատել կամ հիւանդութեան տեւողութիւնը թեթեւցնել:
Մեր ապրելակերպը պիտի բարելաւենք ու յարմարինք ներկայ կացութեան, որպէսզի զերծ մնանք այս ժահրէն եւ հիւանդութենէն: Հոս կ’ուզեմ յիշեցնել, որ գիտութիւնը տակաւին չունի որեւէ տեղեկութիւն, որուն վրայ կրնանք հիմնուիլ եւ ըսել, որ եթէ մենք մէկ անգամ վարակուեցանք այս ժահրէն, կրկին չենք կրնար վարակուիլ: Բոլոր մարդիկ հաւասարապէս, ով որ վարակուած էր եւ ով որ չէր վարակուած, մինչեւ օրս երկու խումբերն ալ հակամէտ են վերստին վարակուելու:
Յաջողութիւնը կախեալ է մեր վարուելակերպէն: Իբր անհատներ ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի կարենանք առողջ ապրիլ այս համավարակի ընթացքին եւ շարունակել մեր կեանքը: Ինչպէս տեսանք համավարակին սկիզբը ամբողջ աշխարհը կանգ առաւ եւ ամիսներ տեւեց,մինչեւ որ կարենանք անդրադառնալ, թէ այս համավարակը շուտով պիտի չանցնի եւ մենք պէտք է կարենանք վարժուիլ անոր հետ ապրիլ, որովհետեւ կարելի չէ կեանքը կեցնել սպասելով, որ այս ժահրը վերանայ:
Հիմա ամբողջ աշխատանքը կ’երթայ հոն, ուր պէտք է մարդիկ այլեւս սորվին, թէ ինչպէ՛ս կրնան իրենց կեանքը շարունակել, գիտնալով թէ ժահրը տակաւին կ’ապրի մեր մէջ եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք կանխարգիլման այս միջոցները կիրառել մեր առօրեայէն ներս:
Ուրեմն, մեր առօրեային մէջ, տուներէն ներս թէ տուներէն դուրս, աշխատանքի վայրերու մէջ, դպրոցներու մէջ, շուկաներու, ըլլան անոնք բացօթեայ տեղեր կամ գոց միջավայրեր, պէտք է անպայման հետեւինք կանխարգիլման միջոցներուն, այսինքն՝ ձեռքերը լուալ ջուրով եւ օճառով կամ ալքոհոլով պատրաստուած ժելերով, դիմակ կրելու սովորութիւնը եւ անպայման ճիշդ կրելու ձեւը սորվիլ, որովհետեւ եթէ սխալ կրենք այդ դիմակը, մենք մեզի եւ ուրիշներուն կրնանք վտանգի ենթարկել… աչքի, քիթի, բերնի չդպչիլ եւ անպայմանօրէն հեռաւորութիւն պահել մեր եւ ուրիշներուն միջեւ:
Վերոյիշեալ միջոցները շատ կարեւոր են, որովհետեւ երբ մենք կը շփուինք ուրիշներու հետ գործի մէջ կամ ընկերային միջավայրերու մէջ, երբ կը պահենք այդ 1,5-էն-2 մեթր հեռաւորութիւնը, կը կրենք մեր դիմակները եւ մեր ձեռքերը միշտ մաքուր կը պահենք՝ կը պաշտպանուինք, ուրիշն ալ կը պաշտպանենք եւ կրնանք մեր առօրեան շարունակել եւ ընդհատումներէ հեռու մնալ:
Մինչեւ պատուաստը գտնուի պէտք է հեռու մնանք մեծ թիւով հաւաքներէ: Տօնական օրերուն եկեղեցիներուն մէջ ուշադիր պէտք է ըլլանք եւ մտածենք, թէ ճիշդ ձեւով ինչպէ՞ս կրնանք կազմակերպել կամ հաւանաբար չկազմակերպենք այդ ընկերային, մշակութային, դպրոցական, միութենական հաւաքները: Այս բոլորը շրջան մը պիտի չկարենանք պէտք եղածին պէս ընել, ինչպէս նախապէս կ’ընէինք, մինչեւ որ գիտութիւնը կարենայ այս ժահրին մասին աւելի տեղեկութիւն հաւաքել եւ ունենանք պատուաստ մը կամ պէտք եղած դարմանը:
Մինչ այդ մենք պարտաւոր ենք հետեւիլ բոլոր կանխարգիլման միջոցներուն եւ զանոնք ներառել մեր առօրեային մէջ: Այսինքն՝ պիտի համոզուինք, որ մենք երկար ժամանակ պիտի ապրինք այս ժահրին հետ, մինչեւ որ ի յայտ գայ պատուաստ մը, որ ապահով ըլլայ ժողովուրդին համար եւ կարելի ըլլայ զայն ունենալ մեր երկրէն ներս, որովհետեւ պատուաստի պատրաստութիւնը եւ բոլոր երկիրներ հասցնելը երկար ժամանակ կը պահանջէ: Ուրեմն, պէտք է գիտնանք, թէ ինչպէ՛ս պիտի ապրինք՝ պաշտպանելու մենք զմեզ եւ մեր շրջապատը:
«Գ.»- Շատ շնորհակալ ենք, տիկի՛ն Թամար, այս սպառիչ տեղեկութիւններուն համար։ Տեղեակ ըլլալը ինքնախնամքի առաջին քայլն է։ Դուք հարցազրոյցի այս շարքով մանրամասնօրէն բացատրեցիք մեր ընթերցողներուն նախազգուշացման քայլերն ու առանձնացուցիք ընթերցողներուն մօտ գոյացած ճիշդ ու սխալ տեղեկութիւնները համաճարակի տարածման ու կանխարգիլման մասին։ Յաջողութիւն կը մաղթենք ձեր աշխատանքներուն եւ առողջութիւն՝ ձեզի։
Հարցազրոյցը վարեց
Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան
(Շար.3  եւ վերջ)