ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՎԱՆՔ

“Ազատ Օր”._Չորեքշաբթի՝ 26 Օգոստոս 2020-ի երեկոյեան ժամը 6.00-ին, Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդառաջելով Թեսաղոնիկէ «Վլաթատոն» վանքի վանահօր՝ Նիքիֆորոս եպիսկոպոսի հրաւէրին, այցելեց համանուն վանքը։ Մուտքին, Առաջնորդ Սրբազան հօր դիմաւորեցին վանական հայրեր։ Վանքի ընդունարանէն ներս վանահօր հետ միասին եղբայրական մթնոլորտի մտերմիկ զրոյցի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին եւ ընդունելութեան համար, վերյիշելով, թէ աւելի քան երեսուն տարիներ առաջ իբրեւ Թեսաղոնիկէի հայոց հոգեւոր հովիւ կ՚այցելէր «Վլաթատոն» վանքը, նախկին վանահայր եւ Թեսաղոնիկէի «Արիստոտելեան» համալսարանի Աստուածաբանական ճիւղի վաստակաւոր դասախօս, նորոգ հանգուցեալ Ռոտոփուլոսի օրերուն, որմէ նաեւ տպա­ւո­րո­ւած յիշատակ­ներ ունի հոգեւոր հովուութեան տարիներուն եւ Թեսաղոնիկէի համալսարանի ուսանողութեան ժամանակ։ Հանդիպումը առիթ եղաւ նաեւ խօսելու ներկայ ժամանակի համաշխարհային նոր տագնապին ստեղ­ծած ան­նախըն­թաց պայմաններուն մէջ եկեղեցւոյ առ­ջեւ ցցո­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն եւ հո­գե­ւո­րա­կաննե­րուն ու մա­նա­ւանդ վա­նա­կան­ներու բերելիք նպաստին` հաւատացեալներու կեան­քին մէջ հոգեւոր արթնութեան եւ արժէքներուն պահպանման առնչութեամբ։ Այցելութեան առ­թիւ Առաջնորդ Սրբազան հայրը վանահօր հայկաշկան խաչքարի փոքր նմոյշ մը նուիրեց, բացատրելով հայ եկեղեցւոյ մշակոյթին մէջ դարերու նրբահիւս մշակում եւ զարգացում ունեցած եւ Հայ եկեղեցւոյ իւրայատուկ դարձած խաչքարի սկզբունքները եւ հոգեւոր իմաստը։ Վանահայրը ուրախութիւն յայտնելով Առաջնորդ Սրբազան հօր այս բարեպատեհ այցելութեան համար, իր կարգին նուիրեց «Վլաթատո»ն վանքի եւ Թեսաղոնիկէի եկեղեցիներուն նշանաւոր սրբանկարներու մասին գեղատիպ հատորը։
Վանականներու թափօրով, Առաջնորդ Սրբազան հայրը, վա­նա­հօր հետ միա­սին, ներ­կայ ե­ղաւ վան­քի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րե­կոյեան ժա­մեր­գու­թեան եւ «Այիոս Ֆա­նու­րիոս»-ի տօ­նախմբու­թեան նախատօնակի արարողութեան։ Ժա­մեր­գու­թե­նէն ետք, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայրն, վա­նա­հօր եւ վա­նա­կան­նե­րու հետ միա­սին, վան­քի շրջա­փա­կին մէջ ներ­կայ հաւատացեալ ժո­ղո­վուր­դին հետ ճա­շա­կե­ցին ժա­մեր­գու­թեան ըն­թաց­քին օրհ­նո­ւած սուր­բին տօ­նի յա­տուկ հա­ցը։ Ե­րե­կո­յեան, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը վա­շնահօր ընթրիքի հիւրը եղաւ։

ՍԵՐԵՍԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 1 Սեպտեմբեր 2020-ին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը հովուական այցելութիւն տուաւ Սերեսի հայ համայնքի անդամներուն` տեղւոյն «Ս. Սարգիս» մատրան սրահէն ներս։ Առաջնորդ Սրբազան հօր կ՚ընկերանար Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հե­ռա­նիստ ան­դամ տի­կին ­Վե­րա Պ­լէ­ճեան։ ­Սե­րե­սի ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. ­Վազ­գէն ­Յա­րու­թիւ­նեան բո­լոր ներ­կա­նե­րուն ա­նու­նով ու­րա­խու­թեամբ ող­ջու­նեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր յա­տուկ այ­ցե­լու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ թա­գա­վա­րա­կի ստեղ­ծած պայ­ման­նե­րու պա­րա­գա­նե­րուն մէջ եւ մե­ծա­պէս գո­հու­նակ եւ ար­ժե­ւո­րո­ւած ըլ­լա­լու զգա­ցում­նե­րը փո­խան­ցեց, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Սր­բա­զան հայ­րը տօ­նա­կան ըն­թա­ցիկ ա­ռիթ­ներէ ան­կախ, ­Սե­րե­սի հա­մայն­քով հե­տաքրք­րո­ւե­լու եւ հան­դի­պե­լու նպա­տա­կով է որ կ­՚այ­ցե­լէ։ Պրն. Յարութիւնեան անդրադարձաւ այս ժամանակամիջոցին, ինչպէս բո­լոր շրջան­նե­րը, նաեւ ­Սե­րե­սի հա­յու­թեան հա­մայն­քա­յին կեան­քին կաշ­կան­դո­ւած ըլ­լա­լուն մա­սին, այ­դու­հան­դերձ, թէեւ ոչ յա­ճախ, բայց յար­մար ա­ռիթ­նե­րով դար­ձեալ սրա­հէն ներս կը հա­ւա­քուին եւ կը ջա­նան ի­րա­րու հետ ըլ­լալ եւ հան­դի­պիլ։ Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով, որ այս տարի կը լրա­նայ ­Սե­րե­սի հայ հա­մայն­քի կազ­մու­թեան քսա­նա­մեա­կը, մաղ­թեց որ յա­ռա­ջի­կայ յար­մար ա­ռի­թին կարելի պի­տի ըլ­լայ քսա­նա­մեա­կին ա­ռի­թով պատ­րաս­տո­ւած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նեը եւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ կա­տա­րել։
Ա­ռաջ­նորդ Սրբրա­զա­նը հայ­րը իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց այդ հան­դի­պու­մին հա­մար, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ այս տա­րի պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով կա­րե­լի չե­ղաւ ­Սե­րե­սի «Ս. ­Սար­գիս» մատ­րան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը կա­տա­րել ու ա­մէն տա­րո­ւան պէս հան­դի­սա­ւո­րոա­պէս տօ­նել ­Սե­րե­սի հա­յու­թեան հետ։ ­Սա­կայն, ա­մառ­նա­յին ա­զատ ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցէն օգ­տո­ւե­լով, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­յու­թեան հետ Ա­ռաջ­նոր­դի հո­վո­ւա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջա­գի­ծէն ներս ան­պայ­ման նաեւ անհ­րա­ժեշտ հա­մա­րեց հան­դի­պիլ ­Սե­րե­սի հա­յու­թեան հետ։ Գ­նա­հա­տան­քով անդ­րա­դար­ձաւ որ ­Սե­րե­սի ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տին՝ պրն. ­Վազ­գէն ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն եւ ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ տի­կին­նե­րուն հետ, ինչ­պէս նաեւ շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րա­նի ու­սուց­չու­հիին հետ, հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տան­քի սկզբուն­քով կա­րե­լիու­թեանց ըն­ձե­ռած չա­փով կը կազ­մա­կեր­պեն ­Սե­րե­սի հա­մայն­քի կեան­քը։ Անդ­րա­դառ­նա­լով ­Լի­բա­նա­նի հա­յու­թեան դի­մագրա­ւած ծանր պայ­ման­նե­րու յաղ­թա­հար­ման հա­մա­հայ­կա­կան ա­ջակ­ցու­թեան ջան­քե­րուն, գնա­հա­տան­քով անդրա­դար­ձաւ Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թեմի բերելիք նիւթական նպաստին Սերես համայնքի մասնակցութեան` հակառակ իր համեստ պայմաններուն։
Նաեւ, իր սրտի խօսքը փոխանցեց Ազգային վարչութեան Թեսաղոնիկէի հեռանիստ անդամ՝ տիկին Վերա Պլէճեան, որ Թեսաղոնիկէի ազգային մարմիններուն մէջ տարիներու իր վաստակաշատ գործունէութեան բերումով, վերջին քսան տարիներուն շարունակ մօտէն հետաքրքրուած ու զբաղած է Սերեսի համայնքի աշխատանքներով։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր վերոյիշեալ այցելութիւնները համընկնեցան Օգոստոս ամսուն ընձեռած կարելիութիւններուն՝ հովուական այցելելութեամբ հան­դի­պե­լու եւ այցելելու Թեսաղո­նիկէի համայնքի ծխականներուն։

ԹՂԹԱԿԻՑ