ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ
19-րդ դարու վերջին քառորդին, երբ արեւմտահայ գրականութեան մէջ ծաղկում կ’ապրէր իրապաշտ շարժումը՝ ծայր կ’առնեն համիտեան հալածանքները ու հայ մշակութային կեանքը կը կորսնցնէ իր բնականոն զարգացումին ընթացքը։ 1890-ականներուն՝ ջարդերու եւ հալածանքներու հետեւանքով, հայ մտաւորականութեան ճնշող մեծամասնութիւնը փախուստ տուած ու ապաստան գտած էր Եւրոպայի տարբեր քաղաքներու մէջ։ Գրական այս բեղուն շրջանի մայրամուտի մասին Արփիարեան կը գրէր. «Այսպէս ահա, գահավէժ անկում, խուճապական տագնապի, արիւն արցունքի մէջ նսեմացուեր կ’աղօտանար 1891-95-ի մտաւորական վերածննդի արեւածագը, որ սակայն անջնջելի յիշատակ մը կը թողուր, բեղմնաւոր արտը պարարտացրած»։
Պոլսոյ մէջ մշակուող գրականութիւնը, հակառակ հալածանքներու հետեւանքով ծնած յուսախաբութիւններուն, անձնակեդրոն, քաղքենիական շունչին, իրականութենէն կտրուած անձնական-յոռետեսական նեղ տրամադրութիւններուն, բոլորովին չմարեցաւ։ Թէեւ Պոլսոյ անձուկ միջավայրին մէջ մեծ արժէքներ չստեղծուեցան, սակայն «բեղմնաւոր արտը պարարտացրած» չէր կրնար ամայութեան վերածուիլ։ Հոն կը գործէին օժտուած բանաստեղծներ՝ Սիպիլ, Որբերեան, Չօպանեան եւ ուրիշներ։ Տակաւին ներկայութիւն էր «եղեգնեայ մի սրինգ կտրած՝ արեւ ու գարուն» երգող Մեծարենցը, որ իր բացառիկ նուրբ ու սքանչելի արուեստով տակաւին նոր հորիզոններ պիտի բանար. հոն էին զարտուղի, ինքնադրոշմ տաղանդներ՝ հոգեխոյզ ու մթաստուէր իր աշխարհով՝ Ինտրան, «բարձրաթռիչ, վիրաւոր բայց հպարտ, մահաբոյր այլ յանձնապաստան» Եղիա Տէմիրճիպաշեան (Մ. Թէօլէօլեանի բնորոշումը), որոնք, այո՛, արուեստ ստեղծելու ունակ էին, բայց ոչ այն առողջ ու հայեցի արուեստը, որ կը պահանջէր ժամանակը։ Համիտեան ծանր ճնշումներու հետեւանքով դանդաղեցաւ, բայց չկասեցաւ հայ հոգեւոր կեանքին զարկերակը։ Արշակ Չօպանեան, «Անահիտ»ի մէջ (Փարիզ) կը նշէր. «Թուրքիոյ հայոց մտաւորական կեդրոնը պղտոր լոյս մը կ’արձակէ», սակայն նոյն ատեն ան անյոյս չէր գալիքին հանդէպ ու կը շարունակէր. «…պատրաստուելու վրայ եղող սերունդը…պիտի վերականգնէ դպրոցը եւ գրականութիւնը…»։
Այդ սերունդը, թէեւ յուսաբեկութեան տրամադրութիւններով, սակայն, Զօհրապի արտայայտութեամբ՝ «յեղափոխութեան նախօրեակը» կը ստեղծէր (գրական յեղափոխութիւն-Լ.Մ.)։ Կը պատրաստուէր այն մթնոլորտը, որ շուտով պիտի բերէր յորդ ալիքը 1908-1915-ի մեր անկրկնելի գրական բերքը ստեղծողներուն՝ Սիամանթօ, Վարուժան, Թէքէեան, Սեւակ, Զարդարեան։
Ռուբէն Սեւակ գրականութիւն մուտք գործեց, երբ պոլսական գրական մթնոլորտը կ’եռար իր բազմազանութեամբ ու գրականութեան հետագայ ուղիին որոնումներով։ Բազմադարեան հայ գրականութեան հարուստ աւանդները կ’արժեւորուէին։ Արշակ Չօպանեան կը շարունակէր մնալ գրականութեան նաւապետի դերին մէջ եւ կը նշէր գրականութեան գալիք ուղին, հետեւեալ կէտերով՝ 1.«Ճանչնալ եւ մեր նոր սերունդներուն ճանչցնել ինչ որ կայ գեղեցիկ ու ինքնատիպ՝ մեր նախնեաց գրականութեան եւ արուեստի մէջ, ինչպէս եւ հայ ժողովրդական քնարին արտադրութեանց մէջ… 2. Կատարել ուսումնասիրութիւններ օտար գրականութեան ու արուեստի մեծագոյն դէմքերուն եւ շրջանակներուն վրայ. եւ խնամքոտ թարգմանութիւններ արեւմտեան եւ արեւելեան մեծ գրականութեան ամէնէն կարեւոր հրաշակերտներուն։ 3.Արտադրել ինքնատիպ գործեր, մեր ժամանակի ոգւոյն, պահանջներուն, ճաշակին համապատասխան, եւ որոնք իրենց մէջ ի յայտ բերելով հետզհետէ աւելի մեծ գրական զարգացում, մտայնութիւն, ճոխութիւն, ձեւի կատարելութիւն՝ մեր գրականութիւնն ընդարձակեն, զօրացնեն, զայն տանին միշտ դէպի աւելի բարձրը, զայն կարող դարձնեն մեծագոյն գրականութեանց հետ մրցելու»։
Ահա բարձրաթռիչ ու բարձրարուեստ գրականութիւն ստեղծելու ճամբան, զոր կը հետապնդէին մեր նախնիքը։ Սակայն թրքական եաթաղանին տակ, ջարդերու մղձաւանջին մէջ, անոնք չէին կրնար եւրոպացի բանաստեղծներու լայն թռիչքը ունենալ, կամ այլազան կերպերու մէջ փորձել գտնել գեղարուեստի ճշմարտութիւնը, ծնունդ տալով այլազան դպրոցներու։ Արիւնահոսող հայրենիքը կը պահանջէր «Ցեղին ցաւը եւ ցեղին ուժը բանաստեղծել», մանաւանդ՝ իր յուսալքութեան մէջ ընդարմացած ժողովուրդին իր Ուժը յիշեցնել, Ոգին արթնցել։ Ահա այդ յանձնառութեան կրողներէն մին էր Ռուբէն Սեւակ, Սիամանթոյի, Վարուժանի եւ միւսներու հետ միասին։ Հայ բանաստեղծները, քիչ բացառութեամբ (Ինտրա, Տէմիրճիպաշեան), խորապէս չազդուեցան եւրոպական գրական ու փիլիսոփայական հոսանքներէ, ծայրայեղութիւններու մէջ չմտան, չունեցան ընկերային պայքարէ հեռանալու, իրենց անձին մէջ պարփակուելու, յուսալքումի ու մահուան տրամադրութիւնները, որովհետեւ հայ կեանքի արիւնոտ ու արհաւրալից իրականութիւնը հայ բանաստեղծներու մէջ կ’արթնցնէր իրենց առաջին պարտականութեան գիտակցութիւնը, զանոնք կը մղէր, Վարուժանի արտայայտութեամբ՝ «մերթ լալու, մերթ մռնչելու, եւ զինելու բռունցքս, հոգիս բռունցքիս մէջ»։
Սեւակի գրական դիմագիծը կը կազմաւորուէր քանի մը ազդակներու տակ՝ մէկ կողմէն, իբրեւ գաղափարական հենք՝ Եւրոպայի մէջ տիրող ընկերային անհաւասարութեանց դէմ աշխատաւորական խաւերու պայքարի խռովայոյզ մթնոլորտը. միւս կողմէն, որպէս արուեստի չափանիշ, կար եւրոպական գրական հոսանքներու առկայութիւնը. վերջապէս, մշտական ազդակ էր իր հոգիին կանչը՝ արիւնահոսող հայրենիքին ցաւը։ Սեւակ կեանքը դիտող, խորհրդածող ու վերլուծող քերթող է։ Իր քնարի հիմնական լարերն են՝ աշխարհի մէջ տիրող ընկերային անարդարութիւններու հետեւանքով աշխատաւոր մարդու տառապանքը, հայրենիքը՝ իր տառապանքով ու յոյսերով, ու, բնականօրէն՝ անձնական սիրոյ երգերը։
Ան, որպէս մշտապէս անիրաւուած, հալածուած ու տառապած ազգի զաւակ՝ առաւել զգայուն է մարդկութեան անարդարութիւններուն հանդէպ։ Ան խորապէս ու կարծես իր մորթին վրայ կը զգայ թշուառ մարդոց ցաւը՝ ըլլան անոնք ընչազուրկ գործաւոր, փողոց մաքրող, կամ հասարակաց տան մէջ իր մարմինը ծախող աղջիկ։ Կեանքին աւելի լայն՝ ազգային տեսանկիւնէ դուրս նայելու տրամադրութիւնները, անտարակոյս, հետեւանք էին նաեւ եւրոպական միջավայրի, ուր դրամի տիրապետութեան տակ կը ճզմուէր մարդկային ամէն իտէալ։ Տարօրինակ չէ, որ ընկերային նիւթերու հիմնաւորապէս անդրադարձած է նաեւ Վարուժան՝ իր «Հեթանոս Երգեր»ու «Գողգոթայի Ծաղիկներ» շարքով։
Սեւակի առջեւ մշտապէս կը ծառանայ ընկերային անարդար դրուածքին հանդէպ տիեզերական մեծ «Ինչո՞ւ»ն, զոր կը քննարկէ ե՛ւ քերթուածներով, ե՛ւ վիպերգներով («Մարդերգութիւն» շարք)։ Հարցին պատասխանը ան Աստուծմէ կ’ուզէ ստանալ («Եհովային Արցունքը», «Մեծդ Աստուած»)։ Աստուածային սքանչելի արարչագործութեան մէջ ինչո՞ւ մարդիկ այսքան «ճղճիմ, թշուառ, հողին կառչած տխրագին» են։ Ապա պատասխան կը փնտռէ հեռաւոր օրերու փիլիսոփաներէն մինչեւ իր օրերու օրէնքի ու իշխանութեան մակարդակները («Սաքիա Մունի», «Կարմիր Դրօշակը»)։ Ան նոյնիսկ այլաբանական քերթուածներով կը քննարկէ կեանքի անկատարութեան, անարդարութեան հարցերը («Իժը», «Չղջիկը», «Վերջին Արքան», «Պիտի Մեռնի»)։ Այսպէս «Իժը» քերթուածին (հնչեակ) վերջին տողերով բանաստեղծը մեծ ընդհանրացումի կ’երթայ, թէեւ հարցին լուծումը հոն ալ ընդամէնը երազանք է՝
Չէ՛, չի պիտի թողում որ ապրիս։ Հարուած մը…Մեռա՛ւ։
Ա՜խ, հողակերտ, նզոված, սողուն որդւոցը մարդկան
Փրկարար մեծ հարուածն ո՛վ պիտի շնորհէ վերջնական։
Եւրոպայի մէջ արդիւնաբերական դրամատիրութեան զարգացումը կը բերէր դասակարգային կտրուկ շերտաւորումներ։ Ֆապրիքներու մէջ ծանր աշխատանքէ ու չնչին վարձատրութենէ կը հիւծէին ոչ միայն այրեր, այլեւ կիներ ու մանուկներ։ Այս պայմաններուն մէջ, ստորին աղքատ խաւերու երիտասարդ կիներ ու աղջիկներ յաճախ ստիպուած կ’իջնէին փողոց՝ ակամայ անառակութեան։ Եւրոպայէն, որպէս կեանքի «յառաջդիմութեան» նշան, կը ներմուծուէին դրամի բերած այլասերումի տանող բարքեր, որոնք արեւելեան մթնոլորտի մէջ առաւել շեշտուած ու գարշելի կը թուին բանաստեղծին։ Այս հարցը խորապէս յուզած է արեւելեան մտայնութեամբ՝ կին-մայր սրբութիւնը գնահատող մեր բանաստեղծները։ Վարուժան քանի մը քերթուածով անդրադարձած է ընկերութեան այս խոցին։ Սեւակ եւս կը մերժէ կտոր մը հացի համար մարդը կեանքի յատակը սուզող այդ երեւոյթը («Պոլսոյ Որովայնին Մէջ», «Կէս Գիշերէն Վերջ Մըն Էր…»).
Կը սպասէիր դուն պատրա՜ստ ու համակե՜րպ ու հլո՜ւ,
Առանց սիրոյ, ընտրութեան, նուիրուելու համար կո՜յր, 
Այն բարեհաճ Արուին, որ հաց ունէր քեզ տալու…
 Ինչպէս որ համաշխարհային, նոյնպէս եւ հայ գրականութեան մէջ սակաւ չեն կեանքի չափազանց անարդար դրուածքին դէմ գանգատները, երբեմն ուղղուած Աստուծոյ, երբեմն՝ անանուն, տիեզերական։ Բոլոր ժամանակներու իսկական բանաստեղծները, գեղեցիկի քուրմ ըլլալով, արուեստի գագաթներու մէջ թեւածելուն հետ միասին, չեն կրցած անտարբեր մնալ շրջապատի, աշխարհի մէջ տեղի ունեցող երեւոյթներուն՝ արդար կամ անարդար։ Անոնք յաճախ ստիպուած էին գիտակցօրէն խախտել ստեղծագործ-բանաստեղծի բացարձակ ազատութեան իրենց իրաւունքը եւ երթալ գեղեցիկն ու օգտակարը համատեղելու ճամբով՝ քերթողութեան տալով ուղենիշի դեր։ Անոնք իրենց պարտքը կը զգային դառնալ ժողովուրդի ցաւերուն ձայնափողը։ Ընթերցելով Սեւակի «Կարմիր Դրօշակը» քերթուածը՝ չես կրնար անմիջապէս զուգորդաբար չյիշել միջնադարու (13-րդ.դար) մեր մեծ «գանգատաւոր» բանաստեղծը՝ Ֆրիկը.
Մէկին բեհեզ եւ ծիրանի,
Մէկին բրդէ շալ մը չանկնի.
Մէկին հարամն յաջողի, 
Մէկին հալալն կորուսի.
Կամ՝
Մէկն ի պապանց պարոնորդի, 
Մէկն ի հարանց մուրող լինի.
Մէկին հազար ձի ու ջորի,
Մէկին ոչ ուլ մի, ոչ մաքի.
Մէկին հազար դեկան ոսկի, 
Մէկին ոչ փող մի պղնձի…
Հիմա լսենք Սեւակին գանգատը՝
«-Ինչո՞ւ ոմանք սնդուսներով օրօրուն,
«Ոմանց գլուխը մայթի ձիւնոտ քարերուն…
«Ինչո՞ւ մէկը ձեղուններու տակ ոսկի,
«Միւսը՝ խոնաւ խշտեակի մէջ սողոսկի…։
«Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ, ու մինչեւ ե՞րբ սեփական
«Մեր քրտինքով պիտի շաղուի պատուական
«Համադամներ մեծատունին, իր շունին,
«Մինչ աշխատող բազուկներ հաց չունին…»։
Շա՞տ տարբեր է այսօրուան աշխարհը…Ֆրիկէն ու Սեւակէն ասդին։ Մարդկութեան ճնշող մեծամասնութիւնը չի՞ ձայնակցեր այս աղաղակին այսօր ալ։ Ահա՛ թէ ուր է բանաստեղծի քաղաքացիական պարտքը ու նաեւ՝ անմահութիւնը։ Դրամի տիրապատութիւնը այլասերած է մարդկային հոգիները ու արուեստագէտը իր իտէալներուն հետ կը մնայ միայնակ։ Կը թուի թէ արուեստը կը կորսնցնէ իր կարեւոր դերը՝ ազդեցութիւնը մարդկային հոգիներու վրայ։ հարուստին համար քնարին ձայնէն աւելի քաղցր է ոսկիին ձայնը, իսկ ընչազուրկին հացի խնդիրը այնքան կը լլկէ, կը ջլատէ, որ ան անընդունակ կը դառնայ ընդունելու կամ ըմբռնելու բանաստեղծի տուած իտէալը։ Սեւակի առջեւ կը ծառանայ հարց մը՝ որո՞ւ համար գրել («Որո՞ւ համար»)։ Հոս դարձեալ կրնանք զուգահեռ տանիլ իր գրչեղբօր՝ Սիամանթոյին հետ։ Մարտիկ-ընկերը յուսահատ բանաստեղծին կը թելադրէ.
«Եւ դուն, սա՛ մաքրափայլ թերթերուդ վրան ցեղին ցաւը եւ ցեղին ուժը բանաստեղծէ…
….
Եւրոպայի մէջ այդ տեսութեան կողմնակից բանաստեղծներ «Արուեստը Արուեստի Համար» կարգախօսին տակ ստեղծագործեցին։ Սեւակ եւս ունի այդ փորձը, սակայն արիւնահոսող հայրենիք ունեցող բանաստեղծը չէր կրնար հետեւիլ նման կարգախօսի։
Լալա Միսկարեան-Մինասեան