Տարօրինակ է 2020 թուականը: Տագնապալի է իր անցուդարձերով եւ մտահոգիչ իր պայմաններով: Ոչ ոք կրնար նախատեսել, թէ այսպիսի դժուար ժամանակներ պիտի գան: Յանկարծ աշխարհին պատկերը փոխուեցաւ: Մարդիկ սկսան իրենց ծրագիրները յետաձգել, աշխատանքները չեղեալ համարել եւ ձեռնածալ վիճակի մէջ մնալ՝ սպասելով հրաշքի մը, յուսալով աստուածային միջամտութիւն մը, եւ ակնկալելով արմատական լուծում մը, որպէսզի կեանքը վերագտնէ իր բնական ընթացքը: Պատահածը հարուածային էր, իսկ հետեւանքը՝ ափսոսալի: Բնականաբար ստեղծուած անախորժ կացութեան համակերպելու փնտռտուքներու արդիւնքներուն ականատես եղանք: Նոր գիտական անուանում մըն ալ աւելցուցինք մեր բառամթերքին մէջ՝ Պսակաձեւ Ժահր եզրը, որուն ծանօթ չէինք, բայց շուտով եղաւ գործածելի բառ մը: Կարելի է ըսել, որ 2020-ը այլ թուականներէն զատորոշող նոր եւ անլուծելի հանելուկ մըն է Պսակաձեւ Ժահր բառակազմութիւնը:
Այս օրերուն կը պատրաստուինք վերամուտի: Ամիսներէ ի վեր դպրոցները մեկուսացման դատապարտուեցան: Այսքան ժամանակ ուսումնական կեանքը կղզիացաւ եւ դպրոցի ճամբան ամայացաւ: Ինչքան դասապահերէ եւ ընկերային պահերէ հեռու մնաց աշակերտը: Զգուշաւոր մօտեցում ցուցաբերելու համար թելադրուած էր փակել կրթական հաստատութիւնները: Վտանգները կանխարգիլող միջոցներէն էր նմանօրինակ կարգադրութիւն: Սկզբնական շրջանին դպրոց չերթալը երկար արձակուրդ կը թուէր ըլլալ, սակայն յետոյ ի յայտ եկան ուսման ծարաւը յագեցնող եւ գիտութեան լոյսով հարստացնող դպրոցին իւրայատուկ տեղն ու դերը: Արձակուրդը այլեւս զրկանքի բնոյթ ունեցաւ, հանգիստ ընելը՝ ձանձրոյթի պատճառ եղաւ, ուստի, դասարանին մթնոլորտը փափաքելի դարձաւ:
Աստուած Իր հզօր զօրութեամբ մշտական կերպով բարին կը կատարէ: Ան Իր ողորմութեան համեմատ կը գործէ: Աղօթքներ մատուցուեցան, խնդրանքներ ներկայացուեցան եւ հաւատքի մղումով շատեր Տիրոջ յուսացին: Այդ աղօթքները անպատասխան չմնացին: Նեղութեան մէջ էր մարդկութիւնը: Մտատանջող լուրեր լսուեցան, ցաւալի դէպքեր եւ անժամանակ մահեր պատահեցան: Բայց Աստուած հաճեցաւ մխիթարել անօգնական եւ տրտմած մարդը: Մարդկային ճիգով անհնար էր հանգիստ զգալ եւ անփորձանք մնալ: Մեր անվտանգութիւնը եւ առողջութիւնը Աստուծոյ շնորհքին կը պարտինք, միաժամանակ պարտական ենք շնորհակալութիւն յայտնելու բոլոր անոնց, որոնք փութացին բեռ վերցնել, ցաւ մեղմացնել, դեղ ապահովել եւ յոյս ներշնչել: Հայրս կ’ըսէր «Առողջութիւնը մարդուն դրամագլուխն է»: Իսկապէս ալ, Աստուած առողջութիւն կը պարգեւէ, աշխատինք՝ լաւին ձգտելով:
Դպրոցի ճամբան ահաւասիկ կրկին կը ծաղկի…: Ուրեմն, այլեւս ամիսներու բացակայութենէն ետք աշակերտը կու գայ իր երկրորդ տունը: Տուն մը, որ մեծաթիւ անդամներէ կը բաղկանայ։ Տուն մը, որուն մէջ ապրելով  քաղցր յիշատակներ կը պահենք մեր սրտերուն մէջ:
Առանց դպրոցական կեանքի աշակերտին առօրեան կը դառնայ տափակ, հորիզոնը՝ սահմանափակ, իսկ գալիքը՝ դժնդակ:
Հայ աշակերտը, այսքան դադարէ վերջ, խանդավառութեամբ, բարձր տրամադրութեամբ եւ ուրախութեամբ երթալու է դպրոց:
Մեր վարժարանները Ս. Մեսրոպի շունչով կը ջերմանան, Թարգմանչացի կտակով կը հարստանան, Վարդանանքի խորհուրդով կը պայծառանան, Ս. Նարեկացիի մատեանով կը  վեհանան: Թէքէեանի եւ Թումանեանի, Վարուժանի եւ Իսահակեանի, Ռաֆֆիի եւ Սիամանթոյի դրոշմով աւելի կը հայանան: Հայ դպրոցը յատուկ է իր բոյրով եւ բնոյթով, համով եւ համակարգով, նկարագիրով եւ նպատակով:
Ահա՛ կը պատրաստուինք դիմաւորելու նոր տարեշրջանը: Ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ գալիք օրերուն չենք գիտեր: Սակայն Աստուծոյ պաշտպանութեան յանձնուելով բարին կը մաղթենք եւ ի սրտէ մտքի առողջութեան համար ալ կ’աղօթենք: Միտքը առանց զարգանալու եւ առանց գիտելիք ամբարելու չի նորոգուիր, կը մնայ իր նախնական ձեւին մէջ, նմանելով այն հողին որ անմշակ է, չի կրնար սերմեր ընդունիլ եւ պտղաբերիլ: Հոգիի առողջութեան համար եկեղեցի կը յաճախենք, մարմինի առողջութեան համար հիւանդանոց դիմում կը կատարենք, իսկ մտքի առողջութեան համար դպրոցի ճամբան կ’ընտրենք: Հոգիի եւ միտքի վատառողջ վիճակ ունեցողը փորձանք է իր շրջապատին: Այդպիսի անձը գիտութեան թշնամի է, յառաջդիմութեան արգելք է, արդիականութեան հակառակորդ է, եւ օգտաշատ գաղափարներու հալածիչ է:
Դպրոցը վերստին կը բանայ իր դռները: Հարթուեցաւ դպրոցի ճամբան: Այլեւս այդտեղէն պիտի անցնին մեր սիրելի աշակերտները՝ մտքի լուսաւորութեան ի խնդիր: Անոնց ոտնաձայնը լսելով հայ դպրոցը պիտի ծնցայ:
Սիրելի՛ աշակերտներ, ուրախ եղէք եւ լաւագոյնին հասնելու համար աշխատեցէք: Ձեր յոգնութիւնը ապարդիւն չըլլար, ձեր ստացած գիտելիքներուն շնորհիւ պիտի կերտէք փայլուն ապագայ: Ներկային արժէքը եթէ չգիտնանք, իրաւունք չունինք ապագային մասին մտածելու: Ժամանակը եթէ վատնենք, չենք կրնար նպատակ հետապնդել: Դժուար օրեր ամէնքս անցուցինք: Բայց կամքին կառչելով եւ լուրջ հետեւելով  կարելի է ճիգ թափել եւ դասերը ըմբռնել: Չկայ յաղթանակ եթէ պայքարելու ոգին բացակայ է: Աշակերտն ալ պիտի պայքարի ընդդէմ ծուլութեան եւ անտարբերութեան: Ոչ միայն ծոյլ աշակերտն է այպանելին, այլեւ՝ ծոյլ արհեստաւորը, ծոյլ պաշտօնեան կամ ծոյլ հողագործը: Մէկ խօսքով, ծուլութիւնը միշտ ալ եղած է դատապարտելի  մոլութիւն եւ մեղադրելի յանցանք: Եկեղեցական մը ըսած է.«Ծոյլ մարդը Սատանային գործարանն է»: Յիսուս Քրիստոս գործերով յայտնեց Իր սքանչելի սէրը մարդկութեան նկատմամբ: Իր սիրոյն վկան բարի գործերն էին: Հայ աշակերտը եթէ ուսումնասէր է, աշխատասէր կամ գրասէր, պիտի յոգնի՝ հանգչելու համար: Այն ատեն կը ստանայ ուսուցիչին գնահատանքը եւ կը դառնայ ծնողքին պարծանքը:
Ուրախալի առիթ է վերամուտը: Այս տարի կը կարծեմ, թէ ամառնային արձակուրդը իր իմաստէն պարպուեցաւ, հրապոյրը եւ գրաւչութիւնը կորսնցուց: Ուրախալի պահերը քիչ էին, շատերու մօտ պտոյտներ կազմակերպելու եռանդը սպառած  էր, բանակումները չեղեալ համարուեցան եւ տակաւին ուրիշ ծրագիրներ խափանուեցան: Բնական է: Ամէն տհաճ անակնկալի վարժ եղանք, Յոբի համբերանքով փորձեցինք ընթանալ եւ յուսահատութեան լարած թակարդներէն զգուշացանք, լաւատեսութեամբ եւ տոկունութեամբ ապրիլը նախընտրեցինք, թէեւ որոշ պահեր մեղմ պոռթկում, կարճ ընդվզում եւ յուզում ունեցանք: Բայց ահա կրկին արշալոյսն է բացուողը, հակառակ խաւարային օրերուն: Դարձեալ խաղաղութեան աւետիսն է լսելին, հակառակ խռովութեան աղմուկին: Տագնապը եղաւ դժուար փուլ մը, իսկ տոկալը՝ ներքին ուժականութիւն մը, որուն աղբիւրը Աստուծոյ ներկայութիւնն է անկասկած:
Երբ մեր կեանքի հաճելի օրերուն մասին կը խօսինք, յատուկ տեղ կու տանք դպրոցական քաղցր յուշերուն: Մեր աչքին առջեւ կը տողանցեն ապրող եւ այս աշխարհէն մեկնող վաստակաւոր կրթական մշակները, որոնց հետքերը անջնջելիօրէն կը մնան մեր սրտերուն մէջ: Դպրոցն է մեր հոգեմտաւոր կազմաւորման հրաշակերտ տունը եւ նախադուռը ապագային: Դպրոցի ճանապարհէն անցնող հայը, իր ինքնութիւնը պահելու արուեստը կը սորվի, հայապահպանման կամաւոր զինուորը կը դառնայ եւ հայ մնալու գիտակցութեամբ կ’ապրի:
 Վերջապէս դպրոցական նուիրական յարկը կը դիմաւորէ իր սիրելի աշակերտները:
Հոգիով խանդավառ, միտքով պայծառ եւ մարմինով կայտառ մնանք՝ շարունակելու համար մեր երթը դէպի բաղձալի վերելք:
Բարեյաջող եւ աւետաբեր վերամուտ ամէնուն:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան