Հայաստանի մէջ վերստին պիտի գործէ սահմանափակումներու դրութիւնը` պսակաձեւ ժահրի համավարակին լոյսին տակ:
Այս ընթացքին քաղաքացիները տունէն դուրս գալու ատեն պէտք է ունենան ինքնութիւն հաստատող փաստաթուղթ: Կանոնը սահմանուած է համապատասխան որոշումով:
Պիտի արտօնուի կազմակերպել որոշ համախմբումներ, սակայն ոչ 60 հոգիէն աւելի անձերու մասնակցութեամբ:
Միւս կողմէ, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 11 Սեպտեմբերին ստորագրեց հրամանագիր, որուն համաձայն, Արցախի Հանրապետութեան մէջ 12 Ապրիլին յայտարարուած եւ մինչեւ 11 Սեպտեմբեր երկարաձգուած արտակարգ իրավիճակի ժամկէտը 30 յաւելեալ օրով պիտի երկարաձգուի եւ երկարի մինչեւ 11 Հոկտեմբեր: Այս մասին յայտնեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն: