ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականը աւարտեց իր երրորդ ուսումնամարզական հաւաքը, որմէ ետք հաւաքականի մարզիչ Նապիլ Մաալուլ կարճ արձակուրդով մը մեկնեցաւ Թունուս: Հոկտեմբերին հաւաքականը Իմարաթի մէջ պիտի մասնակցի երեք բարեկամական մրցումներու, ուր պիտի հրաւիրուին նաեւ արտասահմանի մէջ հանդէս եկող սուրիացի խաղացողներ:
– Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակից խումբերը սկսան վերանորոգել խաղացողներուն պայմանագիրները, ինչպէս նաեւ կազմերուն միացնել նորեկ խաղացողներ:
– Սուրիոյ հաւաքականի խաղացող Մուհամմէտ Օսման մաս կազմեց Քաթարի Խուրէյթաթ խումբին:
– Հալէպի Հուրիէն եւ Դամասկոսի Մաճտ խումբերը յառաջիկայ տարեշրջանին Սուրիոյ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գլխաւոր թեկնածուներն են:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՄԵՍՍԻ ՈՐՈՇԵՑ ՄՆԱԼ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ՀԵՏ
Քաթալոնիայի Պարսելոնա խումբի արժանթինցի խաղացող Լիոնէլ Մեսսի միջազգային «Կոլ» լրատուամիջոցին հետ կատարած զրոյցին ընթացքին, պաշտօնապէս յայտարարեց, որ այս տարեշրջանին դարձեալ պիտի մնայ սպանական խումբին հետ: Մեսսի իր որոշումը փոխելու պատճառին մասին  հարցումին պատասխանելով ըսաւ, որ ընտանիքին անդամները կ’ուզեն մնալ Պարսելոնա, ինչպէս նաեւ իր փոքր մանչը լալով խնդրած է մնալ իր ընկերներուն հետ եւ չտեղափոխուիլ այլ երկիր: Արժանթինցի խաղացողը քննադատեց վարչութեան եւ մանաւանդ նախագահ՝ Քարթոմիոյի անծրագիր աշխատանքը, ինչպէս նաեւ յայտնեց, որ վերջին ձախողութիւններուն գլխաւոր պատասխանատուն ակումբին նախագահն է, որ խաղացողներուն միջեւ անախորժ մթնոլորտ մը ստեղծած է: Այս հանդիպումով Մեսսի վերջ տուաւ շուրջ մէկ ամսուան տեւողութեան յառաջացած լարուած մթնոլորտին:  Աւելցնենք, որ խումբին նորանշանակ մարզիչ Քումանը տարբեր առիթներով ըսաւ, որ Մեսսին եւ մնացեալ խաղացողները նոյն դիրքին վրայ են եւ չկայ խաղացող մը, որ իրաւասութիւն ունի միջամտելու իր գործին:
ՔՈԹԻՆԻՕ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ
Մէկ տարուան վարձքը ստանալէ ետք, Գերմանիոյ Պայերն Միունեխ խումբի պրազիլցի խաղացող Ֆիլիփ Քոթինիօ վերադարձաւ իր նախկին քաթալոնէական ակումբ: Գերմանական ակումբին պաշտօնական կայքը տեղեկացուց, որ զոյգ ակումբները համաձայնած են Քոթինիոյի Պարսելոնա վերադարձին շուրջ:  Աւելցնենք, որ Անգլիոյ Արսենալը վերջերս փափաք յայտնած էր մէկ տարուան վարձքով կազմին միացնել Քոթինիօն, սակայն ըստ լուրերուն, Պարսելոնայի նորանշանակ մարզիչ Քումանը ուզած է իր կազմին հետ տեսնել պրազիլցի խաղացողը, որ անցեալ ամսուան ընթացքին Պարսելոնա Միունեխ հանդիպումին, յաջողած էր ի նպաստ իր կազմին նշանակել երկու կոլ:
ՆԷՅՄԱՐ ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐՈՎ ՎԱՐԱԿՈՒԵՑԱՒ
Ֆրանսայի բազմակի ախոյեան Փարիզ Սան Ժերմանի մամուլի ծառայութիւնը ակումբի պաշտօնական կայքին միջոցաւ յայտարարեց, որ խումբէն երեք խաղացողներ վարակուած են պսակաձեւ ժահրով: Ըստ լուրերուն, պրազիլցի Նէյմար, Անխել Տի Մարիա եւ  Լէանտրօ Փարետեսի բժշկական քննութիւններու ենթարկուած են եւ քննութիւններուն արդիւնքը դրական եղած է: Ֆրանսայի մայրաքաղաքի խումբին երեք խաղացողները 14 օր մեկուսացման շրջան պիտի անցընեն  եւ պիտի չմասնակցին խումբի փորձերուն: Աւելցնենք, որ Նէյմար մէկ տարիով երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը, եւ վերջ տուաւ Պարսելոնա տեղափոխուելու բոլոր տարաձայնութիւններուն։
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան