ՆԱԽ Ի՞ՆՉ Է C ԿԵՆՍԱՆԻՒԹԸ
C-ն այն կենսանիւթերէն, որ կը լուծուի ջուրին մէջ եւ ունի շատ մը օգտակարութիւններ մեր մարմինին դիմադրողականութիւնը զօրացնելու իմաստով, որովհետեւ անթիօքսիտանդ է, կը պաշտպանէ մարմինին բջիջները, մեծ դեր ունի Collagen Protein-ի արտադրման մէջ, որ շատ կարեւոր է մեր մորթին համար։ Մորթը մարմինին ինքնապաշտպանութեան առաջին պաշտպանը կը համարուի։ Այս կենսանիւթը կարեւոր է նաեւ արեան ճերմակ գնդիկներուն համար։ Այս պատճառով անհրաժեշտ է, որ մենք ստանանք C կենսանիւթի մեր մարմինին օրական կարիքը։
Դրականը այն է, որ այս կենսանիւթը առատօրէն կը գտնուի մէկէ աւելի պտուղներու եւ կանաչեղէնի մէջ, որոցնմէ կրնանք դիւրաւ ստանալ մեր օրուան կարիքը:
Այս կենասանիւթը չի պահուիր մարմինին մէջ, անոր համար ալ մենք օրական մեր կարիքը պէտք է ապահովենք ուտելիքներէն. օրինակ՝ մէկ կարմիր պղպեղը կրնայ մեզի տալ C կենսանիւթի մեր օրական կարիքին 100%-ը, 1 նարինջը կու տայ մօտաւորապէս 75-85%-ը։ Այս կենսանիւթը կը գտնուի նաեւ քիուիին, ելակին, պրոքոլիին, շոմինին մէջ։ Ուստի այն անձերը, որոնք բաւարար չափով կանաչեղէն եւ պտուղ կ’ուտեն դիւրաւ կը ստանան կենսանիւթի իրենց օրական կարիքը, իսկ յաւելեալ դեղահատ օգտագործողներուն յիշեցնենք, որ իւրաքանչիւր դեղահատի մէջ կրնայ 400 mg-էն 1-2 կրամ խտացուած կենսանիւթ ըլլալ, ուստի նախընտրելի է 2 կրամէն աւելի չստանալ, որովհետեւ երբ որ մեզի անհրաժեշտ կարիքէն աւելի մեծ քանակով կը ստանանք այս կենսանիւթը, մարմինի կենսանիւթի ներծծումը կը տկարանայ, իսկ մարմինին մէջ կուտակուած քանակը չի մնար մարմինին մէջ, մեզին հետ դուրս կու գայ մարմինէն։ Կուտակուած կենսանիւթը կրնայ ազդել միւս կենսանիւթերու ներծծման վրայ եւ պատճառել փորահարութիւն, իսկ այն անձերը, որոնք աւազի կամ քարի հարց ունին, բարդ կացութեան կրնան մատնուիլ եւ ցաւեր ունենալ։
Ուրեմն անհրաժեշտ է ստանալ մեր օրուան կարիքը միայն, որուն կողքին առողջապահական կեանք ապրիլ, ձերբազատիլ գիրութենէ եւ մարզանքով զբաղիլ, որովհետեւ գիրութենէն տառապող անձերուն դիմադրողականութիւնը տկար կ’ըլլայ եւ անոնք աւելի հաւանակութիւն կ’ունենան հիւանդանալու:
C  կենսանիւթի օրական կարիքը տղամարդոց համար մօտաւորապէս 90-95 mg է, իսկ կիներուն համար քիչ մը աւելի պակաս։ Յղի կանայք քիչ մը աւելի մեծ քանակի կարիք ունին, ինչ որ կրնան ապահովել օրական 5 հատ պտուղ եւ առատ ու տեսակաւոր կանաչեղէն ուտելով։
C ԿԵՆՍԱՆԻՒԹԸ ԿԸ ՆՊԱՍՏԷ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ՈՒՂԵՂԻ ԱՃԻՆ
Քոփենհակընի համալսարանի գիտականները հետազօտած են յղի կնոջ օրկանիզմը եւ յանգած են այն եզրակացութեան, թէ կարգ մը նիւթերու տոկոսը կրնայ վատ անդրադարձ ունենալ երեխայի ուղեղի զարգացման վրայ:
Հետազօտութեան արդիւնքներուն համաձայն, C կենսանիւթը այն կարեւոր կենսանիւթն է, որ անհրաժեշտ է յղի կնոջ: Անոր պակասը կարելի չէ սրբագրել, նոյնիսկ եթէ ծնելէ ետք երեխային տրուի C կենսանիւթի անհրաժեշտ չափաբաժինը:
Հաստատուած է, որ այն երեխաները, որոնք մօր արգանդին մէջ չեն ստացած C կենսանիւթի անհրաժեշտ չափաբաժինը, հետագային կ’ունենան տկար յիշողութիւն, կողմնորոշուելու դժուարութիւն եւ կեդրոնացումի պակաս:
Ահա թէ ինչո՛ւ յղի կինը կարեւորութեամբ նկատի պէտք է առնէ այս իրողութիւնը, եթէ կ’ուզէ փայլուն միտքով երեխաներ աշխարհ բերել:
Շաղիկ Գաբրիէլեան
Սննդագէտ