ՀՅԴ Բիւրօն խոր վշտով կը տեղեկացնէ վաստակաշատ դաշնակցական, մտաւորական, երկարամեայ կուսակցական գործիչ ընկեր Վարանդ Փափազեանի մահը։
Ընկեր Վարանդը մտաւորականի իր բարձր մակարդակով, անխոնջ աշխատանքով, անմնացորդ նուիրուածութեամբ՝ մեծ ներդրում ունեցաւ դաշնակցական գործի յառաջընթացին։Ան օրինակ էր եւ կը մնայ այդպիսին՝ դաշնակցական սերունդներու համար։
Հ.Յ.Դաշնակցութեան անունով մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք ընկեր Վարանդի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ընկերներուն։