«Երկիր».-CNN Travel-ը ԱՄՆ քաղաքացիներուն համար բաց երկիրներու նիւթով յիշեցուցած է օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներուն համար Հայաստան մուտքի կանոնները:

Լրատուամիջոցը ներկայացուցած է այն երկիրները, որոնք ԱՄՆ քաղաքացիներուն համար լիովին բաց են, երկիրները, որոնք բաց են, սակայն որոշակի սահմանափակումներով եւ երկիրները, ուր  կարելի չէ մեկնիլ  պսակաձեւ ժահրի ճգնաժամին պատճառով:

Հայաստան այն երկիրներէն է, ուր ԱՄՆ քաղաքացիները կրնան մեկնիլ, սակայն որոշակի սահմանափակումներով: Պատկեռասփիւռի կայանը յիշեցուցած է Հայաստան մուտքի կանոնները: «Հայաստան ժամանելուն պէս զբօսաշրջիկները պէտք է անցնին Covid-19 ՊՇՌ քննութիւն կամ 14 օր մեկուսանան: Հաամապատասխան քննութիւն անցած ճամբորդները պէտք է մեկուսանան` մինչեւ բացասական արդիւնք ստանալը», յայտնած է CNN-ը` ներկայացնելով հայկական «Զուարթնոց» օդակայանի յիշեցումները երկիր մուտք գործելու կանոններու եւ քննութիւն իրականացնող տարրալուծարաններու մասին:

ՀՀ քաղաքացիական թռիչքի վարչութիւնը դիմում կը  հաւաքէ, թէ որ ընկերութիւնները կը պատրաստուին վերականգնել դէպի Հայաստան կանոնաւոր թռիչքները: