«Արմէնփրէս».- ՀՀ ոստիկանապետ Վահէ Ղազարեանի հրամանով` Հայաստանի մէջ Ինթըրփոլի ազգային կեդրոնական բիւրոյի պետ նշանակուած է ոստիկանութեան փոխգնդապետ Նարինէ Յակոբեան:
Մինչեւ օրս ինթըրփոլի ազգային կեդրոնական բիւրոյի պետը Արա Ֆիտանեանն էր, որ 12 Սեպտեմբերին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով նշանակուած էր ՀՀ փոխոստիկանապետ:
Հայաստանի մէջ ինթըրփոլի ազգային կեդրոնական բիւրօն առաջին անգամ կին մը պիտի ղեկավարէ: