ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի ծրագիրներու համակարգող, տնտեսագէտ Թադէոս Աւետիսեանի համաձայն, պսակաձեւ ժահրի տարածման հետեւանքով Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութենէն մեկուսացման դրութեան անցնիլը մեծ փոփոխութիւններ չ’ենթադրեր: Ան Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին նկատեց, որ մեկուսացման դրութեան ընթացքին կառավարութիւնը կրնայ դնել սահմանափակումներ եւ կարգաւորումներ, որոնք գոյութիւն ունէին արտակարգ դրութեան ընթացքին:

«Օդային տարածքը բանալը հաւանաբար նպաստէ զբօսաշրջութեան աշխուժացման, որ կրնայ ընդհանուր աշխուժութիւն բերել տնտեսութեան, բայց չմոռնանք, որ մեկուսացումի տնտեսական սահմանափակումներուն հիմնական պատճառը եւ հիմքը տակաւին չէ վերացած, այսինքն, մենք հիմա ունինք շարունակուող համաճարակին հետեւանքները եւ լայն իմաստով որովհետեւ տակաւին յաղթահարուած չէ համավարակը, եւ մենք չենք անցած բնականոն կեանքի, կը նշանակէ, որ նոյն վտանգներն  ու սահմանափակումները պահպանուելու են», ըսաւ ան:

Թադէոս Աւետիսեանի խօսքով` մեր կողմէն սահմանը բանալը չի նշանակեր, որ պիտի ունենանք զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք դէպի մեր երկիր:

Մեկուսացման դրութեան մէջ, տնտեսագէտին կարծիքով, պէտք չէ տնտեսական աշխուժացում սպասել: Ան դիտել տուաւ, որ տնտեսութիւնը դրական տեղաշարժ կ’արձանագրէ, երբ համավարակը վերացած  ըլլայ եւ տնտեսական սահմանափակումները հանուած ըլլան:

Երբ դիտարկուեցաւ, թէ ինչ  ցոյց կու տան միտումները` արդեօք ՀՀ-ն պիտի կարենա՞յ կանխարգիլել համավարակի հետագայ տարածումը, Թադէոս Աւետիսեան պատասխանեց, որ ամէն ինչ կախեալ է համավարակին աշխարհի մէջ  արձանագրուող զարգացումներէն:

Ան շատ կարեւոր համարեց, որ կանխարգելիչ նախաձեռնութիւնները մեր երկրին մէջ ըլլան ոչ թէ ձեւական, այլ նաեւ իրավիճակին համարժէք:

 

Հռիփսիմէ Յովհաննիսեան