«Երկիր».-12 Սեպտեմբերին սկիզբ առաւ  ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի պաշտօնական այցելութիւնը Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւն:

Գահիրէի ՀՀ Դեսպանութեան արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի հայ համայնքի ականաւոր ներկայացուցիչներուն` Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Եգիպտոսի Թեմի Առաջնորդ Տ. Աշոտ Եպիսկոպոս Մնացականեանին, Հայ Կաթողիկէ Եղեկեցւոյ Առաջնորդ Գրիգոր Օգոստինոս Եպիսկոպոս Գուսանին, համայնքային կառոյցներու եւ միութիւններու անդամներուն հետ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` նախարար Մնացականեան բարձր գնահատեց եգիպտահայ համայնքի աւանդը ազգային ինքնութեան, պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման մէջ: «Հայ ժողովուրդը, ունենալով հզօր պատմութիւն եւ ինքնութեան խոր գիտակցութիւն, երեսուն տարի առաջ վերականգնած է իր հաւաքական ինքնութեան պաշտպանութեան եւ զարգացման  ամենակարեւոր գործիքներէն մէկը` պետականութիւնը: Եւ մեր համայնքներուն մէջ պետականութեան, ազատութեան եւ անկախութեան նկատմամբ պատասխանատուութեան զգացումը պետութեան սատարելու լաւագոյն օրինակներէն է», յայտնեց նախարարը:

Հանդիպումի ընթացքին նախարար Մնացականեան եգիպտահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ միտքեր փոխանակեց ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն, առկայ մարտահրաւէրներուն եւ անոնց հասցէագրման միջոցներուն շուրջ:

Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ գործակցութեան զարգացման հեռանկարներով  նախարար Մնացականեան առանձնայատուկ կերպով ընդգծեց Եգիպտոսի հայ համայնքի կարեւոր դերակատարութիւնը երկու բարեկամ պետութիւններն ու ժողովուրդները իրար կամրջելու իմաստով: