«Ակունք».-Ֆրանսական ամենահեղինակաւոր թերթերէն մէկը` Le Figaro-ն անդրադարձած է Յուլիսին հայ-ատրպէյճանական զինուորական բախումներուն: Յօդուածին մէջ ներկայացուած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան պատմութիւնը, հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ փուլը եւ յատուկ ընդգծուած է, որ եթէ իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ դուրս գայ վերահոսկողութենէ, ապա հաւանական հակամարտութեան մէջ կրնան ներքաշուիլ Թուրքիան եւ Ռուսիան:
Յօդուածին մէջ յատուկ անդրադարձ կայ հակամարտութիւնը սրելու գործընթացին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին:
Le Figaro-ն մէջբերած է Nouvelles d’Armռnie ամսագիրի խմբագիր Արա Թորանեանի խօսքերը, որ ընդգծած է, թէ վերջին հայ–ատրպէյճանական բախումները ենթահող ունին, սա կը վերաբերի թրքական բացասական արարքի յաւելումին եւ Էրտողանի կայսերապաշտական նկրտումներուն:
Յօդուածին մէջ ընդգծուած է, որ այսօր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայ հայկական 20 քմ-անոց տարածք եւ, եթէ Թուրքիան յաջողի ֆիզիքապէս ցամաքային կապ հաստատել Ատրպէյճանի հետ ի հաշիւ հայկական տարածքներուն, ակնյայտ է, որ տարածաշրջանին մէջ պիտի ստեղծուի «Հրէշ» մը, որ պիտի սպառնայ նաեւ Եւրոպային:
Յօդուածին մէջ տեղ գտածէ նաեւ այն, որ վերջին զինուորական սրումը պայմանաւորուած է Ատրպէյճանի ներքին լուրջ հարցերով` պսակաձեւ ժահրի հետեւանքով տնտեսական դժուարութիւններուն եւ համավարակին պատճառով քարիւղի միջազգային գիներու անկումին իբրեւ հետեւանք, իսկ նման պայմաններուն մէջ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը պէտք է քայլեր ձեռնարկէր իր ազդեցութիւնը պահելու համար: