«Ապառաժ».-14 Սեպտեմբերին, Փարիզի մէջ ԵԱՀԿ-ի համանախագահները, գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անժէյ Քասպրչիքի մասնակցութեամբ, խորհրդակցական հանդիպում ունեցած են:

Համանախագահները վերանայած են տարածաշրջանի մէջ տիրող իրավիճակը` իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով հայ-ատրպէյճանական սահմանին Յուլիսին տեղի ունեցած լարուածութեան յաջորդող զարգացումներուն վրայ: Համանախագահները ուսումնասիրած եւ գնահատած են կողմերու մասնաւոր եւ հանրային յայտարարութիւններն ու մտահոգութիւնները: ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը տեղեկացուցած է համանախագահներուն տեղւոյն տիրող ապահովութեան իրավիճակի մասին եւ ողջունած է  ազդարարային գործողութիւններու վերականգնման համար տարուող նախապատրաստական աշխատանքը:

Համանախագահները հեռաձայնային առանձին զրոյցներ  ունեցած են Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ եւ նախարարներուն անհատական հանդիպումներու  հրաւիրած են յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին` լուրջ, առարկայական եւ առանց նախապայմաններու բանակցութիւններուն վերականգնումին նպատակով:

Համանախագահները կը շարունակեն գործուն եւ ամբողջական ներգրաւուածութիւն դրսեւորել յանուն խաղաղութեան եւ հարցի համապարփակ կարգաւորման: