«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Լոնտոնի Կայսերական քոլէճի Կլոպալ առողջութեան նորարարութեան հիմնարկի տնօրէն, փրոֆ․, լորտ Արա Տարզիի հետ:

Նախագահ Սարգսեանն ու լորտ Արա Տարզին անդրադարձած են մասնաւորապէս նախագահական ATOM ծրագիրի շուրջ  գործակցութեան հեռանկարներուն, յատկապէս որ լորտ Տարզին 1 Սեպտեմբեր 2020-էն սկսեալ ստանձնած է Բրիտանական Գիտութեան Միութեան (BSA) նախագահութիւնը: Քննարկուած է ATOM-ի «Արհեստական Բանականութիւն եւ Հանրային Առողջութիւն» նիւթով ծրագիր մը մշակելու կարելիութիւնը:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան լորտ Արա Տարզիին հրաւիրած է որպէս բանախօս հանդէս գալու այս տարուան 10-11 Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Միտքերու Հայկական Երկրորդ Գագաթնաժողովին: