Յարգելի գործընկերներ,

15 Սեպտեմբերին ժամը 17:00-ին ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը` Մատենադարանի տարածքին (Մաշտոցի արձանին դիմաց) կը հրաւիրէ մամուլի ասուլիսի:

Ասուլիսի ընթացքին պիտի ներկայացնենք 16 Սեպտեմբերին  տեղի ունենալիք  «Յանուն Ազգային Յառաջադէմ Կրթութեան» երթի մանրամասնութիւնները եւ մեր յառաջիկայ ընելիքները:

Սիրով կը հրաւիրենք բոլոր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները լուսաբանելու ասուլիսը: