«Հայրենիք».- Գրեթէ աւարտած է «Հայրենիք»ի եւ անգլերէն լեզուով՝ «Արմինիըն Ուիքլի»ի թիւերուն թուայնացման (Digitization) աշխատանքը։ Կը մնան քանի մը թիւեր, վերջնականապէս մեր տրամադրութեան տակ ունենալու այս հրատարակութիւններուն ամբողջութիւնը։ 1899-էն ի վեր է «Հայրենիք» եւ 1934-էն ի վեր «Արմինիըն Ուիքլի» իրենց բովանդակութեամբ հետեւողական ձեւով ներդրում կ՛ունենան ազգային, ընկերային եւ մշակութային բնագաւառներէն ներս։
Քանի մը տարիէ ի վեր, հետեւողական ձեւով մեկնարկը տրուած էր այս աշխատանքին։ Առաջին անձը, որ մօտէն հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էր, Նիւ Ճըրզիէն Պերճ Փանոսեանն էր, որ 2017-էն ի վեր հետեւողական ձեւով եւ անաչառօրէն կը կատարէր այս ժամանակ խլող եւ բծախնդրութիւն պահանջող գործը։
Ապա, կարելի եղաւ քսան հազար տոլարի յատկացում մը ստանալ լուսահոգի Վիգէն Տէր Մանուէլեանէն, որ խոստացած էր այդ օրերու «Արմինիըն Ուիքլի»ի եւ այժմ Համազգայինի «h-pem»ի խմբագիր Ռուբէն Ճանպազեանին։
Յակոբ Իշխանեան (HI Systems), իր կարգին խոր հաւատք ունենալով այս թուայնացման գաղափարին վրայ, ունեցաւ եւ դեռ ալ կը շարունակէ ունենալ իր ներդրումը։
Աւելին, 2018-ին «Հայրենիք» հրատարակչատան կողմէ, խմբագրութեամբ եւ թարգմանութեամբ՝ Ռուբէն Ճանպազեանի եւ «Արմինիըն Ռիվիու»ի նախկին խմբագիր Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի, անգլերէնով հրատարակուած Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»ին հասոյթն ալ տրամադրուեցաւ այս ծրագրին։
Յառաջիկայ ամիսներուն, կարելի պիտի ըլլայ աւարտել այս աշխատանքը։ Նաեւ պիտի կատարուի հրատարակչատան կողմէ հրատարակուած կարգ մը գործերու թուայնացումը։ Նկատի առնուած են յատկապէս, այն գործերը որոնք սպառած եւ գրեթէ անգտանելի են։
Անհատապէս, կարելի է բաժանորդագրուիլ այս ծրագրին Gmail –ի հաշիւ ունենալով։ Տարեկան սակ՝ $35։ Հանրային գրադարաններ տարեկան $500 վճարելով, կրնան իրենց տրամադրութեան տակ ունենալ այս արխիւները, որոնք կրնան օգտագործուիլ բոլոր անդամներուն կողմէ։