«Երկիր».- AnalitikaUA.net-ը  կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ Պերտեանսք քաղաքին մէջ տեղի  ունեցած է Ազմոլ միքրոշրջանի մէջ տեղադրուած հայկական խաչքարի օծման արարողութիւնը:

«Ուքրանիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ տէր Մարկոս Եպիսկոպոս Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ օծուած խաչքարը դարձած է ուքրանիոյ եւ հայ ժողովուրդներու անմեղ զոհերու յիշատակի խորհրդանիշը:

Ուքրանիոյ Հայերու Միութեան գործադիր տնօրէն Յովակիմ Յարութիւնեանի խօսքին համաձայն, յուշարձանի տեղադրումը նախաձեռնած է Պերտեանսքի Հայերու Միութեան նախագահ Յովհաննէս Աւտալեան:

Նախաձեռնութեան ներկայ էին նաեւ Ուքրանիոյ Հայերու Միութեան նախագահի տեղակալ Դաւիթ Մկրտչեան, տէր Յուսիկ Քահանայ Նուրիջանեան, Խէրսոնի Հայերու Միութեան նախագահ Տիգրան Մկրտչեան, քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ուրիշներ:

Կայքը յայտնած է, որ Ուքրանիոյ Հայերու Միութեան կողմէ կազմակերպուած շարք մը նախաձեռնութիւններ տեղի ունեցած են արեւելեան տարածաշրջանին: Զապոռոժյէի մէջ տեղի ունեցած է Ուքրանիոյ Հայերու Միութեան համաժողովը, որմէ ետք կազմակերպութիւնը բժշկական սարքաւորումներ  նուիրած է մարզային քլինիկական մանկական հիւանդանոցին», յիշուած է հաղորդագրութեան մէջ: