«Անթիլիաս».-Երեքշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հոգեւոր Տէրը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեանի։ Հանդիպման նաեւ ներկայ էին Շահան Արք. Սարգիսեանն ու Մակար Եպս. Աշգարեանը։

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման առանցքը դարձաւ Լիբանանի հայութեան վերականգնումի աշխատանքները եւ միջ-համայնքային գործակցութեան կենսական կարեւորութիւնը։