«Արմէնփրէս».- ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հարցազրոյց  տուած է սպանական EFE լրատուական գործակալութեան, ուր անդրադարձած  է Ռուսիոյ ու Եւրոպական Միութեան, Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն:

««Հայաստանը Եւրոպա է, միեւոյն ժամանակ Ռուսիան մեր դաշնակիցն է», EFE-ին վստահեցուցած է  ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, որ կը խոստովանի, թէ այդ հաւասարակշռութիւնը շատ բարդ է որեւէ երկրի համար, սակայն  կենսական է Հայաստանին` Ատրպէյճանը դիմակայող եւ Թուրքիոյ հետ թշնամութիւն ունեցող երկրի անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

«Կ’ըսեն, որ մենք միաժամանակ երկու նժոյգ կը վարենք: Ո՛չ: Մենք կը վարենք մէկ նժոյգ` Հայաստանի նժոյգը», վստահեցուցած է նախարարը տեսաժողովի միջոցով տրուած հարցազրոյցի ընթացքին: