Չորեքշաբթի, 16 Սեպտեմբեր, 2020-ին «Շամ Թայմզ» հաղորդեց, որ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ ըսաւ. «Հասիչէի մէջ քրտական ՔԱՍԱՏ զինեալ ուժերը զէնքի ուժով իրենց հսկողութեան տակ առին շուրջ 2285 դպրոց, որոնցմէ 118-ը գրաւեցին նախքան 2020-2021 ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը: Այսպիսով Հասիչէի մէջ ներկայիս կը գործէ միայն 179 դպրոց՝ քաղաքի Կրթութեան Տնօրէնութեան հովանաւորութեամբ»:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ այս արարքով դպրոցներուն մէջ ահռելի խճողում պիտի ստեղծուի, այն ինչ որ կը հակասէ պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշացման միջոցներուն, հետեւաբար այս մէկը վատ ազդեցութիւն պիտի ունենայ նահանգի բնակչութեան առողջապահական ընդհանուր իրավիճակին վրայ:
Նախարարութիւնը աւելցուց. «ՔԱՍԱՏ իր գրաւած դպրոցներէն ներս ուսումը աստիճանաբար դադրեցուց եւ պարտադրեց որոշ ծրագիրներ, որոնց նպատակն է ոճիրի գաղափարախօսութիւնը տարածել աշակերտութեան միջեւ առանց նկատի առնելու նման գաղափարախօսութեան վտանգաւոր հետեւանքները»:
Նախարարութիւնը եզրափակելով շեշտեց, որ ՔԱՍԱՏ կը շարունակէ Հասիչէի բնակիչներուն դէմ անմարդկային արարքներ գործել, վերջինը աշակերտութիւնը ուսումէ զրկելն էր: