«Հայրենիք» կուսակցութեան, «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ ՀՅԴ մարտավարական գործընկերութիւնը կը շարունակուի. «Հայրենիք»-ի կեդրոնական գրասենեակէն ներս տեղի ունեցաւ եռեակի հերթական աշխատանքային հանդիպումը, որուն ԲՀԿ-էն կը մասնակցէին Արթուր Գրիգորեանն ու Հրաչ Ռոստոմեան, ՀՅԴ-էն` Արծուիկ Մինասեանն ու Լիլիթ Գալստեան, «Հայրենիք»-ից` Արա Սահակեանն ու Արսէն Բաբայեան:

Քննարկումի առանցքն էր արտակարգ դրութեան իրաւական վարչակազմի խախտումին պատճառով կիրառուած տուգանքները չեղեալ համարելու (համաներելու) մասին նախագիծն էր, որուն նպատակը առանց  ընկերային ծանր դրութեան մէջ յայտնուած քաղաքացիներուն լրացուցիչ տնտեսական բեռէն ազատելն է:

Քաղաքական երեք ուժերը տուգանքներու համաներման պահանջով նաեւ ստորագրահաւաք  սկսած են: Նախաձեռնութեան հետ կապուած ամբողջական տեղեկատուութիւնը շուտով հասանելի պիտի ըլլայ քաղաքացիներուն: