Հալէպի Հիւպատոսութեան դիմատետրի էջի գրառումին համաձայն, “Հայաստան” համահայկական հիմնադրամը, հալէպահայ ուսուցիչներու ընկերային վիճակի բարելաւման ուղղուած ծրագիրով նիւթական օգնութիւն ցուցաբերեց Հալէպի ՀԲԸՄ Լազար Նաճարեան֊Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի, Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի, Կիլիկեան ճեմարանի, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրորդական Վարժարանի, Հայ Աիետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի, Մխիթարեան Վարժարանի, Ազգային Միացեալ նախակրթարանի եւ Զուարթնոց վարժարանի մօտաւորապէս 370 ուսուցիչներու եւ վարչական անձնակազմի անդամներուն։