Հինգշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10։00֊ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութեան բաշխումին։ Օժանդակութիւնը պիտի բաշխուի 4000 հալէպահայ ընտանիքի։

Բաշխման առաջին հանդիպումին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբազան Եպս. Զօպուեան, Բերիոյ Թեմի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգիսեան, Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Հալէպի Գործադիր Մարմինի անդամներ, ազգայիններ եւ քահանայ հայրեր։

Հանդիպումը սկսաւ հայ երեք հոգեւոր պետերու Տէրունական աղօթքով։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ  Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգիսեան։  Ան ըսաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը նկատի ունենալով  Սուրիոյ ժողովուրդին տնտեսական ծանր վիճակը որոշեց նիւթական օժանդակութիւնը յատկացնել այս անգամ հալէպահայ ընտանիքներուն, հետագային նաեւ Սուրիոյ մնացեալ նահանգներու հայ ընտանիքներուն։

Ապա յիշեց, որ օժանդակութեան նպատակը բարոյական է, հայրենիքը՝ Հայաստանը միշտ սուրիահայութեան կողքին է։

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան լուսարձակի տակ առաւ հալէպահայութեան դիմագրաւած անցնող ամիսներու դժուարութիւնները եւ համաճարակին պատուհասը, յիշելով որ  Աստուծոյ օգնութեամբ  կրցանք մեր ուժերը համախմբել եւ մեր միասնութիւնը պահելով համաճարակը դիմագրաւել։ Ապա վերապատուելին իր ուրախութիւնը յայտնեց

Հայաստանի Հանրապետութեան սուրիահայերուն զօրավիգ կանգնելուն համար եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Հայաստանի կառավարութեան։

Ապա Բերիոյ  Թեմի Հայ  Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան, դիտել տալով որ հայրենիքէն հասած օժանդակութիւնը այլ արժէք ունի հայերուս համար։

Աւարտին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Եպս. Զօպուեան դիտել տուաւ, որ հալէպահայութիւնը պայքարած է իր ազգային, եկեղեցական արժէքներուն պահպանութեան համար, անոր սիրտը կը տրոփէ հայրենիքի համար նաեւ։

Մարդասիրական այս օժանդակութիւնը կարեւոր է թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ բարոյական առումներով։

Այս առիթով սրբազան հայրը կոչ ուղղեց  կանգուն մնալու եւ որպէս սուրիահայեր մեր ներդրումը բերելու Սուրիական Հայրենիքին։  «Այս օժանդակութիւնը կ՚ամրապնդէ մեզ։ Հալէպահայութիւնը պիտի շարունակէ այս օրհնաբեր հողին վրայ ապրիլ եւ արարել», ըսաւ սրբազան հայրը։ Ապա շնորհակալութիւնը յատնեց  Սուրիոյ մէջ ծառայող Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին,Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին եւ հայրենի ժողովուրդին։

Ան կարեւոր համարեց նաեւ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք միասնական գործակցութիւնը եւ զիրար օժանդակելու պատրաստակամութիւնը։

Աւարտին ներկայ ժողովուրդին բաշխուեցաւ օժանդակութեան առաջին մասը։

Ժիրայր Կարապետեան