«Երկիր».-Թուրքիոյ Այտըն նահանգի Տիտիմ շրջանի Աքպիւք թաղամասին մէջ անյայտ անձեր պատ  շարած ու փակած են տեղւոյն յունական եկեղեցւոյ պարիսպներուն 2 մուտքերը:

Այդ մասին, ըստ ermenihaber.am-ի` յայտնած է Այտընի նահանգի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մեհմետ Ումիթ Թունճեր: Ան տեղեկացուցած է, որ խօսակցութիւններ կան, որ պարիսպի մուտքի դռներուն տեղը պատ  շարած է  Տիտիմի համայնքապետարանը, որպէսզի կարենայ յարակից ճաշարաններուն խմիչք մատուցելու արտօնագիր տրամադրել:

Նշուած է, որ եկեղեցւոյ մուտքերը պատով փակելով փորձ  կատարուած է շրջանցել այն օրէնքը, որուն համաձայն` խմիչք վաճառուող ճաշարաններէն 100մ հեռաւորութեան վրայ պէտք չէ  գործեն կրօնական հաստատութիւններ:

Թունճեր դիտել տուած է, որ վարչութիւնը դէպքին առնչութեամբ դատախազութեան հաղորդում  ներկայացուցած է յանցագործութեան մասին:  Ի դէպ, այդ եկեղեցին ներառուած է պետութեան կողմէն պահպանուող պատմական տարածքներու ցանկին մէջ: