«Արմէնփրէս».-Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 17 Սեպտեմբերին  այցելած է Ասկերան շրջանային կեդրոն եւ շրջանի համայնքներու ղեկավարներուն ու վարչակազմի պատասխանատուներուն ներկայացուցած է նոր վարչակազմի ղեկավարը:

Երկրի ղեկավարը շնորհակալութիւն  յայտնած է շրջանի արդէն նախկին վարչակազմի ղեկավար Աշոտ Դադայեանին կարճատեւ, բայց եռանդուն աշխատանքին համար: Յաջողութիւն մաղթելով պաշտօնը նոր ստանձնած Սասուն Բարսեղեանին` հանրապետութեան նախագահը ըսած է, որ շրջանի մէջ նախատեսուած աշխատանքները շատ են, եւ յոյս յայտնած է, որ ան պիտի կարենայ արդիւնաւէտօրէն կեանքի կոչել բոլոր ծրագիրները` համախմբելով բոլոր կարող ուժերը:

Վարչակազմի ներկայ ու նախկին ղեկավարներուն` վստահութեան եւ միատեղ աշխատանքին համար շնորհակալական խօսքէն ետք նախագահ Յարութիւնեան լսած է նաեւ շրջանի գիւղատնտեսութեան եւ կրթութեան բաժիններու վարիչներուն զեկոյցները կատարուած ու ընթացիկ ոլորտային աշխատանքներուն մասին:

Հանրապետութեան նախագահը անգամ մը եւս յորդորած է խստօրէն հետեւիլ համավարակի դէմ պայքարի կանոններուն` խոստանալով, որ բարձրացուած բոլոր հարցերուն լուծումները պիտի իրագործուին ըստ առաջնահերթութիւններու: