«Արմէնփրէս».-ՀՀ հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է ֆրանսական հանրայայտ «Տասօ Համակարգ» («Dassault Systymes») ընկերութեան ղեկավարութեան հետ:

Ընկերութեան գործադիր փոխնախագահ Ֆլօրէնս Վերզըլենի ու փոխնախագահ Ժաք Պելթրանի, ընկերութեան կրթական ծրագիրներու գլխաւոր տնօրէն Կսաւիէ Ֆուրժէի եւ միջազգային գործակցութեան գլխաւոր տնօրէն, Հայաստանի հետ փոխգործակցութեան հարցերով պատասխանատու Մարիոն Միլոսեւիչի հետ քննարկուած են տեղեկատուական ճարտարագիտական ոլորտէն ներս «Տասօ Համակարգ» կողմէն մշակուած յատուկ կրթական ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումին անդրադարձ  կատարուած է գիտաճարտարագիտական եւ կրթական ոլորտներու մէջ Հայաստանի հետ գործակցութեան զարգացման ու հեռանկարներուն: Մասնաւորապէս քննարկուած են նախագահական ATOM (Advanced Tomorrow) նախաձեռնութեան գործակցութեան որոշակի ուղղութիւնները, յատկապէս հեռանկարային  համարուած են արհեստական բանականութեան, տուեալներու կառավարման, մաթեմատիկական բնորդի եւ  շարք մը այլ ոլորտներ:

Համաշխարհային ճարտարագիտական առաջատարներէն մէկը` «Տասօ Համակարգ» մասնագիտացած է ռազմարդիւնաբերական, տեղեկատուական ճարտարագիտական համակարգերու համար ծրագրային ապահովումներու եւ ճարտարագիտական նորարար լուծումներու մշակման մէջ: