«Անթիլիաս».-Հինգշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինին հետ, Ազգային Միացեալ Վարժարանին մէջ։

Նախքան հանդիպումը, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց վնասուած տուներու արձանագրութեան եւ օժանդակութեան լծուած երիտասարդ-երիտասարդուհիներու աշխատանքի վայրը, լսեց անոնց բացատրութիւնները եւ զրոյց ունեցաւ օժանդակութեան համար ներկայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ: Նորին Սրբութիւնը գնահատեց ծրագրուած ու հետեւողական կերպով կատարուող աշխատանքը, ինչպէս նաեւ կամաւոր կերպով աշխատող երիտասարդ-երիտասարդուհիներու նուիրումը: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ վստահեցուց ներկայ ընտանիքներուն, որ իր անմիջական հովանաւորութեան տակ օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի, անխտիր բոլոր կարիքաւորներուն:

Հանդիպման աւարտին, Կաթողիկոսարանի Cilicia TV-ին ճամբով, Հայրապետը իր Հայրական խօսքն ու թելադրութիւնը փոխանցեց ժողովուրդի զաւակներուն։