Ուրբաթ, 18 Սեպտեմբեր 2020-ին, ռուսական «Սփութնիկ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Չորեքշաբթի, 16 Սեպտեմբերին Անգարայի մէջ ռուսական պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցած է թրքական կողմին հետ։ Հանդիպումի ընթացքին թրքական կողմը Ռուսիայէն պահանջած է Հալէպի արուարձաններէն Մունպուճ եւ Ռաֆաաթ քաղաքները Անգարային յանձնել, սակայն ռուսական կողմը մերժած է թրքական կողմին պահանջքը։ Աղբիւրը աւելցուց, որ հանդիպումին ընթացքին կողմերը Իտլիպի շուրջ համաձայնութեան չեն հասած։