Վստահ եմ որ, սիրելի ընթերցողներս, դուք ալ ունիք բարեկամներ, որոնք ձեզ երբեմն բաժնեկից կը դարձնեն հաճելի գրութիւններու, պատկերներու, երաժշտական կտորներու, որոնք պտոյտի կ’ելլեն համացանցի վրայ, կամ կը տեղադրուին կայքէջերու մէջ, կը քաղուին You Tube կոչուած սարքի գանձարանային բաժինէն (հոն աղբ ալ կը գտնուի անշուշտ, ինչպէս որ, բարիքի կողքին, աղբ կը կուտակուի «դիմատետր»ի վրայ: Նման նիւթերու բաժնեկցութիւն վերջին ամիսներուն յատուկ նշանակութիւն ստացած է ինծի համար, որովհետեւ Պսակաձեւ ժահրին հարկադրած իրողական մեկուսացումը մասամբ ամոքելու լաւ միջոց է:

Քանի մը օր առաջ, ուշագրաւ զուգադիպութեամբ մը, տարբեր բարեկամներէ երաժշտական երկու մատուցում հասան ինծի: Մէկը՝ Ժորժ Պիզէի «Քարմէն»ին մուտքի խանդավառ կտորն էր, երկրորդը՝ Մենտելսոնէն գործ մը՝ ջութակի ութնեակի մը համար յօրինուած: Մտիկ ըրի յիշեալ յաջորդականութեամբ: Երբ երկրորդը վերջացաւ, ինքնագործ կերպով յաջորդեց երաժշտական այլ կտոր մը՝ արժանթինցի Ասթոր Փիազոլայի հռչակաւոր «Լիպերթանկօ»ն, մշակուած՝ ութնեակի համար, նմանապէս ջութակներով:

Իւրաքանչիւրը երաժշտական համեղ պատառիկ մը համտեսելու հաճոյքը բերաւ: Պիզէի համանուագային գործը ներկայացուցին մանուկներ ու պատանիներ: Վերջին տարիներուն, բաւական ընդհանրացած ձեւ մը որդեգրուած էր հոն (flash mob). գերվաճառատան մը մէկ բաց տարածութեան մէջ, պատանի մը սկսաւ դաշնակի վրայ նուագ մը, որուն կարգով միացան ջութակահարներու, փող-թմբուկի, սրինգ-շեփորի ու  հարուածային նուագարաններու խումբեր, գալով՝ տարբեր անկիւններէ եւ յարկերէ, քանի մը ակնթարթի մէջ գրաւելով ներկայ բազմութեան ուշադրութիւնն ու գնահատանքը: Վերջին բաժինին՝ 10 տարիքը չբոլորած մանուկներու երգչախումբ մը միացաւ նուագախումբին, իսկ հանդիսականներու ծափերով մասնակցութիւնը կը վկայէր, թէ մանուկներն ու պատանիները անմնացորդ յաղթանակ մը տարած էին: Յաջորդ ժապաւէնին մէջ, Մենտելսոնի գործը նուագողները՝ երէց պատանիներ ու թերահաս երիտասարդներ էին, նստած՝ սրահի մը բեմին, իսկ վերջին կտորը ներկայացուցին 25-30 տարեկան երիտասարդներ, լայն սենեակի մը մէջ ոտքի կանգնած եւ իրենց նուագարաններուն հետ պարելու շարժումներով:

Նպատակս երաժշտական տարբեր կտորներու մատուցումէն քաղածս ներկայացնել ու մեկնաբանել չէ (երաժշտագէտ ալ չեմ), այլ բաժնեկցիլ նշմար մը, որ չվրիպեցաւ ուշադրութենէս: Երեք խմբակներն ալ կը նուագէին առանց խմբավարի, երաժիշտները իրենց բաժինները անգիր գիտէին: Տպաւորիչ եւ համակող էր, բոլորին պարագային ալ, ներդաշնակ եւ անսխալ մատուցումները: Իւրաքանչիւր երաժիշտ իրեն վերապահուած մեղեդին կը նուագէր այնպիսի հնչեղութեամբ, որ բոլորին միջեւ ներդաշնակութիւնը ակներեւ էր: Ոեւէ մէկը չէր փորձեր իր նուագարանին ձայնը միւսներէն աւելի բարձր լսելի դարձնել, թմբուկ նուագող 6-7 տարեկան աղջնակն անգամ միւսներէն աւելի բարձր հնչելու ճիգ չէր ըներ:

***

Հիմա, վստահ եմ որ, սիրելի ընթերցողս, միտքիդ մէջ արդարօրէն հարց ծագած է, թէ այս պատմածս արտառոց կամ արտասովոր ի՞նչ ունի: Մինչեւ իսկ դպրոցական խումբեր, երաժիշտ-ուսուցիչներու հոգածութեամբ եւ վարժողական փորձերով, կրնան նման ներկայացում կատարել: Ի վերջոյ, ներդաշնակութիւն ստեղծելը, ներդաշնակութիւն պահպանելը երաժշտական մատուցումի մը ամէնէն հիմնական բանալին է, յենարանը (անշուշտ կը խօսինք մէկէ աւելի նուագարաններով մատուցումի մասին): Նուագողներու-նուագարաններու միջեւ ներդաշնակութեան կորուստը, ինքնին, ձախողութեան սկիզբն ու վախճանն է, չէ՞:

Իմ ալ մտքիս մէջ, քեզի պէս, ուրիշ տեսակի արդար հարցումներ ծագեցան դիտելու պահուն: Մտածեցի, թէ նման ներդաշնակութիւն ինչո՞ւ կարելի չէ իրականացնել… քաղաքական կեանքի մէջ, եթէ մտաբերենք նշանաւոր ու յաճախ կրկնուած այն խօսքը, թէ «քաղաքականութիւնն ալ արուեստ է»: Աշխարհի մեծ ու փոքր երկիրներուն մէջ, ներառեալ՝ մեր հայրենիքին, քաղաքական, կուսակցական եւ մամուլի մարդիկը ինչո՞ւ չեն կրնար, մինչեւ իսկ փո՛րձ չեն ըներ իրարու հետ խօսելու, վիճելու, զիրար ներդաշնակօրէն լսելու՝ նման այն մանուկ, պատանի ու երիտասարդ (նաեւ երէց) երաժիշտներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը տուեալ կտորի մը մէջ խմբակիցներէն ՏԱՐԲԵՐ ՄԵՂԵԴԻ մը կը նուագէ, երբեմն չափերն իսկ իրարմէ տարբեր կ’ըլլան, սակայն ընդհանուր կշռոյթով կատարելապէս քայլ կը պահէ խմբակիցներուն հետ, արդիւնքը կ’ըլլայ ախորժալուր ՀԱՄԱՆՈՒԱԳ մը, որուն մէջ մենակատարներն անգամ կը լսուին հաճոյքով, իբրեւ ամբողջութեան մէկ անբաժանելի եւ հիմնական մասնիկը: Երաժշտագէտ ըլլալու պէտք կա՞յ արդեօք, հաստատելու համար, որ նման խմբային կատարումներու մէջ, այս կամ այն նուագարանին-նուագողին բացակայութիւնը պակաս մը կը ստեղծէ, կամ մէկուն կամ միւսին՝ սպասուածէն աւելի ուժեղ կամ տկար հնչումը կը վնասէ գործի կատարման, անախորժ ձայներու երանգ մը կը հասցնէ ունկնդիրին, կը խորտակէ գործը…:

Այլ խօսքով, ինչո՞ւ երաժիշտ-նուագողներու փոխ-հասկացողութիւնը, միասին ու ներդաշնակօրէն նուագելու արժանիքը պէտք է հեռու մնայ քաղաքական մարդոցմէ, ու անոնք պէտք է շարունակեն, առանց մէկը-միւսը մտիկ ընելու՝ «նուագել» այնպէս մը, որ համանուագին մէջ իբրեւ թէ իւրաքանչիւր նուագող մենակատար է, պէտք չունի ուրիշները մտիկ ընելու, իրաւունք ունի խորտակելու ներդաշնակութիւնը: (Նման համեմատութիւններ կրնանք փնտռել նաեւ պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի խումբերու մէջ):

***

…Ի՞նչ մեղքս պահեմ, սիրելի ընթերցող: Նման երազային ու աշխարհի իրականութիւններուն անտեղեակի կօշիկներուն մէջ կանգնած մտիկ ըրի յիշեալ կտորները: Հաւանաբար դուն ալ հիմա կը մտածես, որ նման բաներ մտածողը թերաճ-մանկամիտ մըն է, պարզամիտ ու անփորձ արարած մը, որուն պէտք է խղճալ: (Վերջին հանելուկ մը. ես ալ կը խղճամ, կռահեցէք թէ որո՛ւն…):

Ս. Մահսերէճեան

14 Սեպտեմբեր 2020