«21 Սեպտեմբեր 1991, Խորհրդային Հայաստանի սոցիալիստական հանրապետութիւն – հարց`

-Համաձա՞յն էք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը լինի անկախ, ժողովրդավարական պետութիւն ԽՍՀՄ-ի կազմից դուրս:
Արդիւնքը․  Այո՝ 2.042.627, 99,51%, Ոչ՝ 10.002 0,49%»

Այսպիսով իր տրամաբանական աւարտին հասաւ 1988 թուականի Փետրուարին Ղարաբաղը Հայաստանին վերամիաւորելու միտումով սկիզբ առած Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման դժուարին, բայց անհրաժեշտ գործընթացը:

Դժուար ու բարդ պայմաններու տակ յառաջ եկած է Հայաստանի վերանկախացումը՝ Սպիտակի երկրաշարժին հետեւանքով երկրին մէկ երրորդը գրեթէ հիմնայատակ կործանուած, Ղարաբաղեան շարժման ղեկավարներու անհեռատես ու ապաշնորհ քաղաքականութեան հետեւանքով երկրի տնտեսութիւնը ամբողջովին կազմալուծուած եւ այլն. շատ խոստումնալից ապագայ չէր կանխատեսուեր Հայաստանի Հանրապետութեան համար այդ օրերուն, սակայն անկախութիւնը որպէս բացարձակ արժէք ընկալող հայ ժողովուրդը գնաց դէպի անկախութիւն:

Դեռափթիթ հայկական պետութիւնը, տակաւին անկախութեան առաջին իսկ օրերէն ենթարկուեցաւ ինքնադրսեւորման ձգտող Ատրպէյճանի յարձակման։ Ի հեճուկս Ատրպէյճանի, հայկական բանակի փառահեղ յաղթանակին ուրուականը, ցայսօր հանգիստ չի թողուր մեր հակառակորդը:

Նախայարձակ Ատրպէյճանի կողմէ հրահրուած 2016-ի Ապրիլեան քառօրեայ եւ սոյն թուականիս Յուլիսեան պատերազմներու ձախողումները պատճառ հանդիսացան, որ Ատրպէյճան վերջնականապէս կորսնցնելով իր ինքնուրոյնութիւնը, յայտնուի Թուրքիոյ բացարձակ ազդեցութեան տակ:

Ալիեւեան յանցաւոր խումբի (Նախիջեւանեան clan-ի) ամէն գնով իշխանութիւնը պահելու անթաքոյց մոլուցքը, առիթ հանդիսացաւ Թայիպէրտողանեան Թուրքիոյ համար՝ ռազմական ու քաղաքական օժանդակութեան անուան տակ ներթափանցելու Ատրպէյճանի իշխանական մարմիններու բոլոր օղակներէն ներս, սկսեալ` տնտեսական օղակներէն, հասնելով մինչեւ բանակ, որուն վառ արտայայտութիւններէն մէկը վերջերս Ռեճէպ Էրտողանի մէկ ելոյթն էր, ուր կ’ըսէր․ «Մենք երբեք չենք վարանիր դիմակայելու Ատրպէյճանի նկատմամբ կատարուած որեւէ ոտնձգութիւն»: Սա Երեւանի կողմէ անմիջապէս ընկալուեցաւ որպէս բացայայտ սպառնալիք՝ ուղղուած Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն դէմ: Բարեբախտաբար Հայաստանի պատասխանը չուշացաւ, երբ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան իր Եգիպտոս կատարած պաշտօնական այցելութեան աւարտին, պատասխանելով թղթակիցներու հարցումներուն, յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը տեղեկութիւններ ունի այն մասին, որ Թուրքիան օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներ կը տեղափոխէ Ատրպէյճան եւ որ Հայաստան ուշի-ուշով կը հետեւի Թուրքիոյ այդ արկածախնդրութիւններուն, որոնք ուղղուած են Հայաստանի եւ Արցախի դէմ:

Երկիրը ներկայիս զանազան ոլորտներու մէջ ունի անթիւ, անհամար մարտահրաւէրներ, որոնք ոչ միայն արտաքին թշնամիներէն թելադրուած, այլ նաեւ մեր ներքին հարցերէն ծնունդ առած են։ Այս բոլորը հրատապ լուծումներ կը պահանջեն, սակայն վերանկախացման տօնին գոյները չխտացնելու միտումով, ներքին հարցերէն անդրադառնանք տողերս գրողին համար կարեւորագոյնին` քանի մը անհամատեղելի ոլորտներ մէկ զամբիւղի մէջ մէկտեղել փորձող, այդպէս ալ ԿԳՄՍ (Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սբորտի) անհասկնալի նախարարութեան ձեռնարկած կրթութեան ոլորտի ձախողած «բարեփոխութիւններ»ուն (թելադրուած արտաքին ուժերէ), որոնց միջոցով կը փորձուի ազգային արժէքները նսեմացնելու գնով հաստատել մեր ազգի արժեհամակարգին անյարիր ընկերային չափանիշներ:

Ներքին քաղաքական հարցերը նոյնպէս զանց առնելով նշենք միայն, որ ի ուրախութիւն բոլորիս, ՀՀ բանակը հեռու է ներքաղաքական տարաձայնութիւններէն եւ ամենակարեւորը՝ զերծ է արտաքին միջամտութիւններէ:

Այսօր վերանկախութեան երրորդ տասնամեակը բոլորած եւ մեր բազում սերունդներու իտէալը` Ազատ-անկախ Հայաստանը բացարձակ իրողութիւն է: Ինքնիշխան պետութիւն ունենալը ո՛չ միայն մեր ազգի գոյութեան իմաստն ու նպատակը դարձած է, այլեւ մեր ինքնութեան ու կենսակերպի գլխաւոր բաղադրիչն ու շարժիչ ուժը հանդիսացած է: Իսկ մենք, մեր բոլոր ներքին ու արտաքին հարցերով մէկտեղ, պարտաւոր ենք ունենալ` ամուր, մարտունակ ու թշնամիին նկատմամբ թէ՛ զինատեսակի առումով, թէ՛ հայ մարտիկի պատրաստուածութեան առումով գերազանց բանակ, երկրի կայուն զարգացումը ապահովող տնտեսական աճ, ինչպէս նաեւ ներքաղաքական ու ներազգային հարցերէն վեր, ինքնուրոյն, բայց միեւնոյն ատեն ժամանակակից, աշխարհի փորձին հետ համընթաց զարգացող, սեփական, ազգային կրթագիտական համակարգ:

Տոքթ. Տիգրան Փիլաւճեան