«Ասպարէզ».- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբը դատապարտեցին Չորեքշաբթիէն Հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գտնուող Հայ կեդրոնին մէջ անյայտ անձերու յառաջացուցած հրդեհը, որ նիւթական մեծ վնաս պատճառեց։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Ռոստոմ Այնթապլեան ատելութեան հիման վրայ ոճիր մը նկատեց տեղի ունեցածը՝ յիշեցնելով Յուլիսին, շրջանի հայկական վարժարանին վրայ տեղի ունեցած յարձակումը։
Իր կարգին, ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի ատենապետ Խաչիկ Թազեան շեշտեց, թէ յարձակումը մաս կը կազմէ Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ քաջալերուող հակահայ յարձակումներու շարքին։
Հայ կեդրոնին մէջ կայ «Վասպուրական» սրահը եւ հոն գրասնեակներ ունին նաեւ շրջանի ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէն եւ ՀՄԸՄի ու ՀԵԴի մասնաճիւղերը։
Եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ հրկիզուած են Կիրակնօրեայ դպրոցին դասարանները, եկեղեցւոյ գրասենեակը եւ Համազգայինի գրադարանը, որոնք կը գործոն նոյն յարկին տակ։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը եւ համայնքին ղեկավարութիւնը, համագործակցութեամբ քաղաքի հրշէջներուն եւ օրինապահ մարմիններուն՝ կը հետապնդեն ազգային ատելութեան հողին վրայ կատարուած այս յարձակումին ծալքերը: Եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը նաեւ 25,000 տոլար վարձատրութիւն խոստացած է յանցագործը կամ յանցագործները ձերբակալելու առաջնորդող տեղեկութիւնը փոխանցողին։
Մինչ համայնքը սկսաւ մաքրութեան աշխատանքներուն, Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ այս մասին «Թուիթըր»ի վրայ գրեց, թէ տարբեր առիթներով այցելած է եկեղեցին եւ կը ցաւի անոր կից գտնուող կառոյցին կրած վնասներուն համար։
Իր կարգին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ատելութեան հիման վրայ յարձակումներու բազմացումը «խիստ մտահոգիչ» որակեց, զայն նկատելով Հայաստանի եւ Արցախի դէմ մղուող Անգարայի եւ Պաքուի բռնարարքներուն մէկ մասնիկը, միաժամանակ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելով Սան Ֆրանսիքոյի հայութեան եւ ոճիրին լուրջ հետապնդում պահանջելով տեղական իշխանութիւններէն։
Նաեւ, շրջանային դատախազ Չեսա Պուտին եւ վերահսկիչներու խորհուրդի ատենապետ Նորմըն Լի դատապարտեցին յարձակումը։
Յիշեցնենք, որ ատրպէյճանամէտ եւ թրքամէտ խուլիկաններ Յուլիսին յարձակած էին Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին եւ անոր կից գտնուող Հայ կեդրոնին վրայ, ատելավառ հայհոյանքներ գրելով եւ Ատրպէյճանի դրօշակին գոյները ներկելով անոնց արտաքին պատերուն վրայ:
Հայ կեդրոնին վերակառուցման համար սկսած դրամահաւաքին կարելի է մասնակցիլ՝ https://www.gofundme.com/f/san-francisco-armenian-church-amp-community-offices?utm_source=widget&utm_medium=referral&utm_campaign=p_cp+share-sheet կայքէջին վրայ։