Ժամանակի նեղ օղակին մէջ կ’ապրինք: Նեղ, քանի մեր երկրաւոր կեանքը պանդխտութեան տարիներ են եւ ժամանակաւոր ընթացք ունին: Այսինքն` մարդուս գոյութիւնը յաւիտենական չէ այս նիւթեղէն աշխարհին մէջ: Մեր ապրած օրերը պատահական չեն: Անոնք առիթներ են կեանքի դպրոցէն դասեր քաղելու, փորձառութիւն շահելու, փնտռտուքներ կատարելու, նպատակ հետապնդելու եւ մեր մէջ սերմանուած աստուածային շնորհքները աճեցնելու: Այս բոլորը իրագործելի կ’ըլլան երբ ժամանակը օգտագործենք: Ներկայ աշխարհը բազմաթիւ պատկերներով եւ գրաւիչ գոյներով կը ներկայանայ: Կարծէք ցուցահանդէսի մէջ ենք: Այսպէս` մտայնութեան այլազանութիւն, կարծիքներու տարբերութիւն, ճաշակներու ճոխութիւն,  ապրելակերպի նորաձեւութիւն եւ նոյնիսկ ծովածաւալ տեղեկութիւններու ալեկոծութիւն: Այս երեւոյթներուն դիմաց կարելի չէ լուռ մնալ: Մարդը պրպտող միտքով հետաքրքրասէր ըլլալու հակում ունի, որպէսզի իր առօրեան նոր զարգացումներով բարեփոխէ եւ համեմէ: Բայց կարեւոր է ժամանակ խլող զբաղումներէ խոյս տալ: Ի վերջոյ`  ընտիրն է ցանկալին, գեղեցիկն է հաճելին եւ բարին է փափաքելին:   Ժամանակի անիւը կը թաւալի: Ներկան կ’ըլլայ անցեալ, իսկ ապագան ալ՝ ներկայ:

Ժամանակի մասին մշտական կերպով անդրադարձ կայ: Ժողովի մը սկիզբը ատենագրութիւն երբ կարդացուի, կը յիշուի գումարուած նախորդ նիստին օրը եւ ժամը: Հրաւիրատոմս մը երբ տրուի` կարդացողը շուտով կ’ուզէ գիտնալ կայանալիք հանդիսութեան վայրը եւ ժամը: Հիւանդը ի մտի կունենայ դեղ գործածելու ճիշդ ժամանակը: Ճշդապահ մարդու մը մասին երբ խօսուի` յաճախ կ’ըսուի թէ “ժամանակը յարգող է”: Շարքը կարելի է երկարել: Ժամանակ վատնելը ծուլութեան, անտարբերութեան եւ անհաւատարմութեան նշան է: Անցած ժամանակը անվերադարձ կը մեկնի, ետ չի գար: Սլաքները հակառակ ուղղութեամբ չեն երթար: Եթէ պահ մը արագ հաշուարկով նկատի առնենք մեր քնանալու ժամերը, պիտի տեսնենք թէ միջին հաշիւով մարդուս կեանքին մէկ երրորդը արդէն զանց առնելու ենք, քանի քնանալու կամ հանգստանալու ժամերն են, ինչ որ բնական պահանջք է: Կը մնայ միւս երկու երրորդը, որ հարկ է արժեւորուի: Հետեւաբար, կեանքը մեր կարծածէն ալ աւելի կարճատեւ է…: Օրինակ` 90 տարի ապրողը իրականութեան մէջ 60 տարի ապրած է արթուն վիճակի մէջ, եթէ նկատի չառնենք անոր քնանալու ժամերը: Անշուշտ այս տարբերակը մօտաւորապէս իրականութեան համապատասխանող է:

Ժամացոյցը սրտի տրոփումին կը նմանի: Մահուան ատեն այլեւս ժամանակի “տրոփումն” ալ կը կենայ:

Կրնայ պատահիլ որ տան մէջ պակասաւոր բաներ ունենանք, բայց ժամացոյցը պայման է, որ յուշարարի պէս սլաքի մեղմ ձայնով կը յուշէ մեզի ապրիլ իմաստութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ:

Գիւտ բառով կ’ուզենք յիշել այն եզակի դէպքերը, որոնք դրական անդրադարձ ունեցան: Օրինակ`  Գիրերու Գիւտ, Տպագրութեան Գիւտ եւ այլ գիւտեր: “Գիւտ” բառը գտնել կը նշանակէ: Այսինքն`  ծածկուած բարիք մը, լոյս աշխարհ ընծայուած հարստութիւն մը, որ յայտնաբերուեցաւ շնորհիւ այն մարդոց, որոնք պողպատեայ կամքով, ծով համբերանքով, երկարատեւ աշխատանքով  եւ հրաշալի արդիւնքներով յիշարժան դէմքեր եղան: Իրենց բարեյաջող ընթացքին մէջ մեծ նպաստ եւ անվիճելի ներդրում ունեցաւ ժամանակ օգտագործելու իմաստուն մօտեցումը:

Ժամանակի մասին առածներ ընդհանրացան, առակներ յօրինուեցան, իմաստուն խօսքեր եւ խրատներ գրի առնուեցան, ինչպէս նաեւ բարոյալից պատմուածքներ մշակուեցան:

Այսօրուան աշխարհը ժամանակին հանդէպ խորամանկ վերաբերմունք ունի: Ձեւով մը,  ժամանցի անվերջ ցուցակ կազմելով կը փորձէ մոռացութեան ենթարկել առաջնահերթը եւ կասեցնել հաւատքի երթը: Կարելի է ըսել “Սուղ ժամանակը աժան բաներու տրամադրելու” հրաւէր կու տայ Չարը, որպէսզի մեր ուշադրութենէն վրիպի արդարութեան ուղին: Ահա թէ ինչո՛ւ առաքեալը կ’ըսէ.” Օգտագործեցէք ժամանակը,  որովհետեւ այս օրերը չար են” (Եփ 5. 16)

“Օրերը չար են”  քանի վէճերու դուռ կը բանանք, խռովիչ խօսքերէն կը վշտանանք, մտատանջող նիւթերուն կարեւորութիւն կու տանք, մեր արժանիքով կը պարծենանք “հաւկիթին մէջ մազ փնտռնել”կը ջանանք, Տիրոջ փառք տալու կը զլանանք, եւ սիրոյ սկզբունքէն կը հեռանանք: Ուստի, Օրերը չար կը համարուին, պայմանները` դժուար, մթնոլորտը` վատառողջ, կացութիւնը` բարդ, իրավիճակը` ցաւալի, իսկ կեանքին պատկերը ողբալի: Երանի Ժամանակը օգտագործենք բարիին ի խնդիր, այն ատեն համերաշխ ապրիլը իրողապէս կարելի կ’ըլլայ:

Ժամանակը անխտիր բոլորին հաւասար կերպով բաշխուած է: Չկայ մէկը որ 22 ժամ ունի, միւսը 24 ժամ, ուրիշ մը 20 ժամ: Ամէնուն համար ալ նոյնն է ժամանակը: Էականը օգտագործելն է:

Թոտ Հանրի “Պարապ Մեռիր” գիրքին հեղինակը (հրատարակուած 2013-ին), կը խօսի թէ ինչո՛ւ այս վերնագիրը եւ նիւթը ընտրած է: Ան կը պատմէ թէ առիթով մը աշխատանքային  հանդիպման ընթացքին հաստատութեան տնօրէնը ներկաներուն կը հարցնէ․ “Ու՞ր է աշխարհի մէջ ամէնէն հարուստ վայրը”: Մէկը կ’ըսէ․ «Արաբական ծոցի շրջանը, քանի հոն քարիւղ կայ»: Ուրիշ մը կը պատասխանէ.« Ափրիկէի որոշ երկիրներ, որոնք նշանաւոր են ադամանդներով»: Տնօրէնը կը յուշէ.«Գերեզմանն է: Այո, գերեզմանը, քանի որ շատեր իրենց լուսեղէն ծրագիրները չկրցան իրականացնել, եւ այս աշխարհէն մեկնեցան` հարստացնելով միայն գերեզմանը, որուն մէջ թաղուեցան»: Տնօրէնին այս շինիչ խօսքերէն տպաւորուած` Թոտ կը գրէ․ «Պարապ Մեռիր» գիրքը, որուն մէջ ան կը թելադրէ ընթերցողին առանց ժամանակ կորսնցնելու գործի վերածել վեհ նպատակները եւ իրագործել շահեկան ծրագիրները: «Պարապ Մեռիր» բառերը հաւանաբար տարօրինակ թուին կամ խորթ նկատուին, բայց կոչ մըն է մեզի, կարելին ի գործ դնելու եւ  նախքան այս աշխարհէն մեկնիլը լաւագոյնը տալու, որպէսզի գերեզմանը հարստացնելու փոխարէն մարդոց կեանքը հարստացնենք: Թոտ իր գիրքին մէջ կ’ըսէ․« Մի՛ երթար գերեզմանդ, երբ տակաւին քու մէջդ կը կրես լաւագոյնը, ընտրէ միշտ պարպուած մեռնիլ»: Այս մտածումէն մեկնելով կը հետեւցնեմ թէ ժամանակը երբ վատնենք, պիտի հարստացնենք միայն գերեզմանը…:

Յիսուս պատուիրեց արթուն եւ պատրաստ ըլլալ: Հարկաւ խօսքը հոգեւոր արթնութեան մասին է: Հաւատքի մարդը անիմաստ ժամանցէ կամ ինքնահաճոյ զբաղումներէ կը խուսափի եւ կը ձգտի Քրիստոսի օրինակով բարիք ցանել, սէր բաշխել եւ ծառայել:

2013-ին, Հալէպի տագնապալի եւ արիւնոտ օրերուն, հեռաւոր ցամաքամաս տեղափոխուած ծխայիններէս մին, իմ հետ կապ հաստատեց եւ փափաք յայտնեց մօրը մահուան տխուր առիթով գրի առնեմ իր ընտրած չափածոյ գրութիւնը եւ քառասունքի օրը արտասանեմ: Կարդացի խորապէս տպաւորուած: Կը մէջբերեմ բաժին մը: Անանուն հեղինակը հետեւեալը կ’ըսէ.

«Կը նախընտրեմ փոքրիկ վարդ մը, համեստ սիրուն պարտէզէն,

Քան թէ ընտիր ծաղկեփունջեր, երբ կը մեկնիմ աշխարհէն:

Կը նախընտրեմ բառ մը քաղցրիկ, մինչ ականջս լսել կրնայ,

Քան գովեստով խօսիս ճառեր անշնչացած մարմնոյս վրայ»:

Հիմա ըրէ ինչ որ կրնաս ընել, քանի երբ մահ պատահի, սիրելու եւ ներելու առիթ պիտի չունենաս: Այս աշխարհէն մեր մեկնումի պահը պիտի ըլլայ կայծակի արագութեամբ եւ ակնթարթային տեւողութեամբ:

Հիմա սիրէ, մի՛ յետաձգեր ներելը:

Հիմա ծառայէ՛, վաղը հաւանաբար առիթ չունենաս:

Հիմա ցանէ՛, տակաւին Տիրոջ բարութեան շտեմարանին մէջ կան խաղաղութեան սերմնահատիկներ:

«Այսօր, երբ կը լսէք Աստուծոյ ձայնը, ձեր սիրտերը մի՛ փակէք»: (Եբր 4.7)

Ինչ որ կրնաս հիմա ըրէ՛ եւ ժամանակդ խնայէ՛:

 

Խորէն.Քհնյ. Պէրթիզլեան