Տիրող ծանր պայմանները հակասական տրամադրութիւններու ծնունդ կու տան. մէկ կողմէն բանաստեղծի ցաւին աղաղակը կայ՝«Վա՜խ, աստուածները զգետնեցին, մեռցուցին, մեռաւ մուսան երկնածին» («Ձօն»), միւս կողմէն, սակայն, արուեստը՝ մարդկային հոգիին անխարդախ արձագանգը, չի կրնար մարիլ։ «Թրուպատուրներ» (միջնադարեան Եւրոպայի մէջ շրջիկ երգիչ, գուսան- Լ. Մ.) վիպերգը Սեւակի լաւագոյն գործերէն է, ուր ան բանաստեղծի իր իտէալը կը ներկայացնէ։ Թէեւ յաճախ չհասկցուած, իշխողներու կողմէն հալածուած, զրկանքներու, պատիժներու ենթակայ՝ բայց բոլոր ժամանակներու բանաստեղծները, իրենց կոչումին հարազատ՝ վար կ’առնեն ընկերային կեանքին կեղծիքը ծածկող քօղերը.

 

Մենք ենք որ անփոյթ գրչով կը հեգնենք

Այս նենգ աշխարհի պսակները նենգ։

Քնար մը ձեռքներիս, անտո՜ւն, մահագի՜ն,

Չե՛նք ցանկար ստրո՛ւկ-պետի դղեակին։

Ազատ բարբառի ասպետներ անմա՜հ,

Կ’ապրին մեռնելո՜վ, կը մեռնին անմահ

Թրուպատուրները։

 

Եւրոպայի մէջ դրամական ու ընկերային յարաբերութիւններու այլանդակութիւնը ու ճշմարիտ խօսքին, պայքարին անզօրութիւնը յուսահատութեան ալիքներ կը ծնէին։ Այդ տրամադրութիւնները առաւել կը խտանային նաեւ փիլիսոփաներ Նիցշէի ու Շոպենհաուըրի հայեացքներու ազդեցութեան տակ։ Այդ ազդեցութիւը կրած են նաեւ կարգ մը հայ գրողներ։  Իտէալի կորուստի մտահոգութեամբ բանաստեղծներ արուեստի նոր ուղիներ կ’որոնէին։ Կարգ մը արուեստագէտներ անգիտացան կեանքին վրայ արուեստի ներգործուն դերը եւ «Արուեստը արուեստի համար» կարգախօսին տակ ստեղծագործեցին։ Սեւակ, որպէս ազդեցութիւն, նոյնպէս ունի այդ փորձը, քանի որ բանաստեղծութիւնը ամէնէն առաջ ազատ արուեստագէտի գեղագիտական մտածողութեան արտայայտութիւն է, սակայն արիւնահոսող հայրենիք ունեցող բանաստեղծը չէր կրնար սահմանափակուիլ նման կարգախօսով։

Սեւակ-բանաստեղծի հոգին ջութակի լարի պէս զգայուն է ու ան մեծ ցաւ կ’ապրի մարդու հոգեկան անկումին համար։ Կարգ մը բանաստեղծութիւններու մէջ «լուսաւոր Եւրոպայէն» անոր խոր հիասթափութեան արձագանգը կը տեսնենք։ Դրամին տիրապետութիւնը որքան որ լկտիացուցեր է տէրերը, նոյնքան ալ խլեր աշխատաւորին ինքնավստահութիւնը, զայն վարածեր է հլու ստրուկի։ Սեւակ երբեմն ալ կը կորսնցնէ յոյսը, կը զայրանայ իր ազատութեան համար չպայքարող մարդուն դէմ եւ անոր համար զգացած ցաւը կը վերածուի արգահատանքի.

 

Թէ ինչպէս ստրուկ կիրքերու հլու,

Մարդս աւելի վարժ է մուրալու,

Քան պապենական օրհնած դանակով

Քիչ մը վախեցնել, գոնէ կատակով,

Մեր ոսկեձոյլ նոր աստուածները կով…

 

Նոր ուղիներու որոնումի մէջ՝ ան կ’ուզէ հեռանալ Արեւմուտքի մէջ իշխող դրամական անմարդկային յարաբերութիւններէն.

 

…Յոգնած ապաքէն,

Շատ քաղաքակիրթ այս Արեւմուտքէն՝

Ուր խիղճը բառ մ’է, մարդը՝ մեքենայ.

Աշխարհ՝ գործարան մ’անխոնջ, անխնայ,

Սէրը հաշիւ մ’է, կրօնքը դրամ…

 

Բանաստեղծը կը ձգտի դէպի Արեւելք՝ հոն իտէալ փնտռելու, սակայն հոն ալ կը համոզուի, թէ «Հաւասարութեան դաշտը-գերեզման»ն է լոկ։ Արեւելքն ալ անոր կ’երեւի իր դանդաղ ու ծոյլ իրականութեամբ, փոխաբերական պատկերով մը՝ «ծռմռուած ճիտով, մտրակելէ թուլցած հաստաբեստ մորթով» աւանակի տեսքով։ Ան նամակի մը մէջ ցաւով կը գրէ. «Դժբախտաբար Արեւելքը, մեր ոսկեզօծ Արեւելքը, հեռուէն միայն գեղեցիկ է»։

Որպէս Սեւակի անվերջ փնտռտուքի արդիւնք, ունինք իր նշանաւոր քերթուածներէն մին՝ «Երթա՜լ…»։ Այս քերթուածին մէջ առկայ տրամադրութիւնը համընդհանուր երեւոյթ էր հայ գրականութեան մէջ, 19-րդ դարու 90-ականներէն մինչեւ 20-րդ դարասկիզբ։ Հայ բանաստեղծներու պարագային, Եւրոպայէն եկող անյուսութեան ալիքներուն հետ, ծանրակշիռ պատճառը, անտարակոյս, Հայրենիքի մղձաւանջային վիճակն էր։ Անյուսութեան, ուղեկորոյս ու մոլոր վիճակի տրամադրութիւն կ’արտայայտեն շատ հայ բանաստեղծներ։ Աւ. Իսահակեան 1909-ին տպագրուած իր գլուխ գործոց վիպերգին՝ «Ապու Լալա Մահարի»ին մէջ հերոսը կը տանի մարդկային քաղաքակրթութենէն հեռու, դէպի անապատներ ու ապա՝ Արեւը, այսինքն՝ աւելի կատարեալ իրականութեան երազանքի։ Վաղամեռիկ մեր հանճարը՝ Մեծարենց իր սփոփանքը փորձեց գտնել բնութեան ու առանձնութեան մէջ։ Վ. Տէրեանի քերթողութեան մէջ գլխաւոր գիծ է թախծոտ, անյոյս տրամադրութիւնը։ Չարենցի ստեղծագործական առաջին տասնամեակը անուղի, անյոյս դեգերումներու երանգներ կը պարզէ։ Սեւակ 1912-ին գրուած «Երթա՜լ…» քերթուածով կարծես Տէրեանի նոյնանման տրամադրութիւններուն կ’արձագանգէ («Մոռանա՜լ, մոռանա՜լ ամէն ինչ», «Բիւր մարդոց մէջ, պաղ մարդոց մէջ» եւ այլն)։ Խօսքը, անտարկոյս, գաղափարը փոխառնելու մասին չէ։

Սեւակ կ’ուզէ հեռանալ մարդոց աշխարհէն, առանց ափսոսանքի, լացի, սուգի։ Երթա՜լ՝ առանց մարդոց Ցաւին մասին տեղեակ ըլլալու, զոր բուժել ինք անկարող է. նոյնիսկ անոնց Գիտութեան նորութեանց տեղեակ չըլլալ, քանի որ իւրաքանչիւր գիւտ, դրականին հետ, նաեւ նոր ցաւեր կը բերէ մարդկութեան։ Գիտութեան նուաճումները, այլ ասպարէզներու հետ միաժամանակ, բերած էին նաեւ արդիւնաբերութեան զարգացում. մեքենայացումը նաեւ մարդուժը դուրս կը մղէր, ու թշուառներու բանակներ կը շատնային, այն պարագային, երբ դրամը կը բեւեռանար սակաւաթիւ մարդոց քով։ Բանաստեղծը «անցայգ, անայգ», այսինքն՝ այլեւս առանց այս կեանքէն որեւէ դրական բան յուսալու կ’երթայ. նպատակը պարզապէս իրականութիւնը մերժել, հեռանալ է՝

 

«Չգիտնալ որ հոս իտէալը չիկա՜յ…

Ուխտագնա՜ց երթալ ափերն հեռակայ,

Դէպի ուղին երջանկութեան մշտակայ…

 

Ահա՛ հիմնական գաղափարին խտացումը՝ «…հոս իտէալը չիկա՜յ»։ Իր էութեամբ կատարելապաշտ, մարդկային յառաջդիմութեան, ազատութեան, իրաւահաւասարութեան ջատագով բանաստեղծը կը մերժէ ապրիլ աշխարհի մը մէջ, ուր չկայ նաեւ յոյսը, թէ հնարաւոր է փոխել աշխարհին դրուածքը։ Միակ ուղին կը մնայ հեռանալը։

 

Երթա՜լ, երթա՜լ, չճանչնալ Մա՛րդ ու Աստուա՛ծ,

Զո՜յգ երթալ՝ ձեռքդ քոյր ձեռքի մէջ դրած,

Անրջանքի ու սիրոյն պէս- աքսորո՜ւած…

 

Չճանչնալ մարդը՝ իր անհեթեթ, աշխարհը լացի հովիտ դարձնող գործերով, չճանչնալ նաեւ Աստուած՝ անկատարութեան համար, որ կը տիրէ երկրին վրայ։ Սեւակ ո՛չ առաջին եւ ոչ ալ վերջին բանաստեղծն է, ու նաեւ՝ հա՛յ բանաստեղծը, որ Աստուծոյ ստեղծած աշխարհէն կը գանգատի։ Պատանի Դուրեանը ուղղակի մարտի մտաւ իր Աստուծոյ հետ, «Տրտունջք»էն ալ առաջ, «Գարնանային կենացս մէջ» քերթուածով։ Իսկ Վարուժանը ամէնէն ծանր արտայայտութեամբ բնորոշեց զայն։

Ու սակայն բանաստեղծը համախոհի մը, իր հոգին հասկցող «քրոջ» մը հետ կ’ուզէ հեռանալ ու փնտռել իտէալը։ Անրջանքն ու Սէրը, որ աքսորուած են մարդոց աշխարհին  մէջ՝ թերեւս կայ այլ տեղ մը։ Բանաստեղծը անորոշին կ’երթայ, որ իր ռոմանթիկ լուծումն է։

Արժէ յիշել, որ բանաստեղծներէն շատեր սիրած կնոջ համար «քոյր» բառը կը գործածեն, ինչպէս Պէշիկթաշլեան, Իսահակեան, Տէրեան, Չարենց եւ ուրիշներ։ Տէրեան կ’ըսէ «Այսօր եղիր քրոջ պէս՝ անչար, մաքուր ու գթոտ»։ Տրուած է բանալին։ Խօսքը այն երազելի կնոջ մասին է, որ քրոջ մը, մօր մը գորովանքը ունենայ, հասկնայ ու ամոքէ բանաստեղծին տառապող հոգին։

Կեանքի ամէնէն աննշան թուացող երեւոյթներն ալ Սեւակ կ’ընդհանրացնէ, ու այլաբանական պատկերներով կրկին ու կրկին մարդու ճակատագիրին կ’անդրադառնայ։ Այսպէս, հինգ քերթուածներէ բաղկացած «Չհասկցուածները» շարքին առաջին քերթուածին հերոսը փոխաբերաբար Առիւծ արքան է։ Հեթանոսական շարժումին յարող Սեւակ եւս ուժի գեղեցկութեան մասին կը խօսի, այն ուժի, որ ազատութիւն կը բերէ։ Առիւծը, որ իր ուժով կը տիրէր բնութեան, հիմա վանդակին մէջ, հայեացքը հեռուները՝ կը ձանձրանայ, քանի որ «գաճաճ մարդը» տիրեր է աշխարհին ու վանդակ նետեր զինք։ Քերթուածը հնչեակ է, թէեւ աւելի պիտի շահէր, եթէ վերջանար մեծ ընդհանրացումի տանող երրորդ համարով.

Ո՞ւր, ո՞ւր են հին ատեններն՝ուր ան կ’իշխէր անողորմ։

Մարդը, խոնարհ ու գաճաճ, արշաւեր է ամէն կողմ։

Թոքախտաւոր առիւծներն հարցո՜ւր երկաթ վանդակին։

«Հայրը» եւս հնչեակ է. անօթեւան ու աստանդական ծեր մը, խաւար ու պաղ գիշերին կը ճանչնայ իր որդին, սակայն չի կրնար ըսել. «Որդեակ մոլորուն, Զաւակս ես, որ լքեցի անօթութեանս օրերուն»։ Բայց Սեւակ ալեւոր հայրը չի մեղադրեր՛ անոր  մեղադրանքը աւելի վեր կը բարձրանայ. երբ մահէն ետք ծերն ու իր ստեղծողը հանդիպին՝

Եհովան իր լուսեղէն պսակին մէջ երկնային՝

Չէ՞ր ամչնար ըսելու թշուա՛ռ, անտէ՛ր, խե՛ղճ Մարդուն,

-«Ես եմ քու հայր Արարիչդ, ամենակալ, մշտարթուն…»։

 

Լալա Միսկարեան-Մինասեան