9 Օգոստոս 2020-ին իր մահկանացուն կնքեց «Գանձասար»ի խմբագրակազմի երիտասարդ, ժիր անդամներէն մէկը՝ Յուշիկ Ղազարեանը, որ որպէս սրբագրիչ, յօդուածագիր, թարգմանիչ մէկ տարի մաս կազմելով խմբագրակազմին լաւ յիշատակներ թողուց մեր անձնակազմի իւրաքանչիւր անդամի յիշողութեան մէջ՝ իր սիրալիր ու յարգալից վերաբերմունքով, անդուլ աշխատանքով եւ հայոց լեզուին ու գրականութեան հանդէպ տածած մեծ սիրով։ Յուշիկին գրիչը իւրայատուկ էր, դադար չունէր, ոչ ալ կը կաշկանդուէր հրապարակագրութեամբ։ Թատերգութիւն, հրապարակագրութիւն, ուսումնասիրութիւն, գեղարուեստական գրականութիւն դիւրաւ կարտադրէր Յուշիկը։ Հանգուցեալին մահուան քառասունքին առիթով կը հրատարակենք իր անտիպ գրութիւններէն մին՝ որպէս յարգանք իր անմեռ յիշատակին։ Ձեռագիրին մէջ յօդուածագիրը վերնագիրը փակագիծի մէջ առած էր, հաւանաբար հետագային զայն փոխելու կամ ամբողջացնելու մտադրութեամբ (այդպէս կընէր յաճախ)։

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆ

 

Յուշիկ Ղազարեան

 

14-րդ դարու ականաւոր գրիչներէն մէկը` Մխիթար Անեցի, խոր ծերութեան օրերուն, հիւանդ եւ մորմոք, մտահոգ է իր գիրքերուն ճակատագրով եւ իր վերջին գիրքին աւարտը չտեսնելու վախով, ոտանաւորի ձեւով ձգած է հետեւեալ յիշատակարանը.

«Հասրաթ ունեմ ի յինմ սրտիս

Միշտ տագնապիմ վասն այս բանիս

Որ մինչ ոգիս է ի մարմնիս`

Ես տեսանեզ զթամամ գրիս…»:

Նոյն գրիչը ուրիշ էջի մէջ, նորէն ոտանաւորի ոճով, կը շարունակէ իր գանգատը, այսպէս.

«Մեծ վտանգի կամ այս նեղուս,

Զի խիստ յաղթեց ցաւն մարմնոյս

Եւ ի ձեռացս ի դողալուս

Այլ չեմ կարել տալ շար գրոյս

Եւս առաւել ի յայլ շողուս

Ու ի թանագի թանցրանալոյս,

Եւ մանաւանդ ի յայս քնուս,

զԱւր հասարակ մրափելոյս.

Եւ յանիծեալ այս ճանճերոյս`

Ի սնավաստակ այն կենդանուս

Որ միշտ նստի ի վերայ գրչուս

Ծծեն զթանագն գրերուս…

 

Օ՜խ, թէ լինէր ճար այս նաւուս,

Որ ես տեսնում զվերջն գրուս

Ու ապա հասնի մահն հողուս…»:

Կեանքը չի բաւարարեր բոլոր ցանկութիւնները իրականացնելու, վրայ կը հասնի մահը եւ գիրքերը կը մնան թերաւարտ:

Ցերեկն ու գիշերը մէկ ըրած գրիչը ամէն օր կ’արտադրէր 500-700 տառ ունեցող թերթեր, ինչպէս` Տօնականը, Ճառընտիրը, Աստուածաշունչը, այս եթէ երկիրը խաղաղ վիճակի մէջ ըլլար: Սակայն դժբախտաբար հայրենի երկիրը ընդհանրապէս երկար ժամանակով խաղաղ պայմաններու մէջ չէ գտնուած:

Մատթէոս անունով գրիչ մը Անգեղակոթի մէջ 1343-ին գիրքի մը ընդօրինակութիւնը աւարտելով կը գրէ.

«Մեծ սիրով գրեցի մի տարուան մէջ»:

Արակագիր գրիչները կը հպարտանային կարճ ժամանակուան մէջ գործը աւարտելու համար: Այդպիսի մէկը միջին երկաթագրով գրած իր գիրքի յիշատակարանին մէջ

կը գրէ.

«Սուտ գծագրողիս` քաղաքաց Յովհաննէսիս յիշման արժանի ըրէք, ո՛վ Սուրբ գիրքերը աշակերտող անձինք, քանի որ այս տետրակը 900 գիր մէկ անգամ թանագ առնելով գրեցի եւ ուրիշ անգամ 20 եւ 30 աւելի: Վարդապետները վկայ»:

Սակայն անոր հպարտանալը ուրիշ պատճառ ալ ունէր, որովհետեւ ան գրած է ոչ թէ եղէգէ սովորական գրիչով, այլ` իր ժամանակի ինքնահոսով, որ ստեղծած էին Կիլիկիոյ շրջանի գրիչները: Հայկական հին ինքնահոս գրիչի առաջին օրինակներէն մէկը նկարուած է Կիլիկիոյ մէջ, ի մասնաւորի Հռոմեայի դղեակին մէջ 1166 -ին գրուած գիրքի մը մէջ, իսկ յետոյ նաեւ բուն Հայաստանի բազմաթիւ մատեաններու նկարներուն մէջ: Այս գրիչը, կամ ինչպէս կը կոչէին գնդիկաւոր գրիչը, նոյնպէս եղէգէ էր, սակայն մինչեւ գրչածայրը ունէր խեցեղէն գնդիկ մը, ուրկէ կը ծորէր թանցր թանագը:

Գիրքի իմացական արժէքներէն բացի գրելու դժուարութիւնները նոյնպէս պատճառներ էին, որպէսզի բարձր գնահատուին մատեանները: Յակոբ Ռշտունցի գրիչը 1391-ին օրինակուած Ժողովածու մատեանին մէջ ոտանաւոր մը գրած է այն մասին, թէ որո՞ւ համար ինչպիսի՞ արժէք ունի գիրքը.

«Առ յիմարն ոչինչ արժէ

Ի փառ իմաստունն գինն աշխարհի»:

Գիրքեր ընդօրինակելու սէրը շատ բան ըրած էր գրիչներու կեանքին մէջ:

Պատանեկութենէն մինչեւ խոր ծերութիւն, զբաղելով գրչութեամբ, շատ գրիչներ արտագրած են ամբողջ գրադարաններ: Այդպիսի արդիւնաւէտ գրիչներէն է 1429-ի ծնունդ Յովհաննէս Մանկասարենցը: Ան աշխատած է, նաեւ դաստիարակուած, պատմագիր եւ Մեծոփայ դպրոցի ուսուցչապետ` Թովմա Մեծոփեցու ձեռքին տակ (Գրիգոր Տաթեւացիի աշակերտ): Ան կեանքին մեծ մասը աշխատած է Արճէշ գաւառի մէջ (Վանայ լիճի հիւսիս-արեւմտեան ափին):

Հիմնաւոր էր Յովհաննէս Մանկասարենցի կրթութիւնը Մեծոփայ դպրոցին մէջ: Հաստատուած սովորութեամբ այս դպրոցին մէջ դասաւանդելու կը հրաւիրուէին նշանաւոր դպրոցներէն գիտուններ, յատկապէս Տաթեւի բարձր դպրոցէն: Տոմարագէտ եւ աստղաբաշխ Յակոբ Ղրիմեցին իր յիշատակարաններէն մէկուն մէջ (1416) տոմարական գրքի մը խմբագրման առիթով կը յիշէ. «Տոմարագիտութեան դաս ասացի հռչակաւոր Մեծոփայ վանքում, Թովմա Ռաբունապետի խնդրանքով»:

Կրթութիւնը աւարտելով Յով. Մ.-ը 72 տարի գիշեր ու ցերեկ զբաղած է գրչութեամբ, արտագրած է 132 մեծ ու փոքր մատեան: Անոր վերջին` կիսատ մնացած գիրքը ամբողջացուցած է իր աշակերտը` Զաքարիան, 1605 թ. Վանի մէջ եւ իր ձգած յիշատակարանին մէջ հաւաքած է իր ուսուցիչին կեանքն ու գործը.

«Յովհան գլուխը գրուած է իմ ուսուցիչ` քաջ. Յով. Մ.-ի ձեռքով, որ 72 տարի, ամառ թէ ձմեռ, գիշեր եւ ցերեկ գրելով ապրեցաւ: Անոր ձեռքով գրուած են 40 Յայսմաւուրք եւ Տարեգիրք, իսկ փոքր գիրք` Տետր եւ Աղօթամատոյց, Շարականոց եւ Սաղմոսարան, Մաշտոց եւ Գանձատետր` 50-60 եւ աւելի եւ 32 Աւետարան: Այս Յով. գլուխը ծերութեան օրերուն կը գրէր, աչքը չէր տեսներ եւ ձեռքը կը դողար. բազում չարչարանքներով հազիւ աւարտեց ու այլեւս մինչեւ մահ չկրցաւ գրիչ բռնել»:

Յով. Մ.-ի նման հմուտ եւ արդիւնաւէտ գրիչները, որոնք աշակերտած էին գիտուն վարդապետներու (ուսուցիչ) իրենք ալ ունեցած են աշակերտներ ու հետեւորդներ, եւ այս ձեւով իւրաքանչիւր գրչութեան դպրոց շարունակած է ունենալ իր դէմքն ու ոճը:

Վարպետ գրիչներու սերունդներով ձեւաւորուեցաւ Տաթեւի գրչութեան դպրոցը Թ. դարէն սկսեալ, դպրոց, որուն հետագային (ԺԴ-ԺԵ դար) գլուխը կանգնեցան Յովհ. Որոտնեցին եւ Գր. Տաթեւացին: Անոնք չէին բաւարարուէր իրենց աշակերտներուն սոսկ գրչութեան արուեստ սորվեցնելով, կը կրթէին զանոնք բոլոր գիտութիւններով` պատմութիւն, փիլիսոփայութիւն, բնական գիտութիւններ, թուաբանութիւն, երաժշտութիւն եւ նկարչութիւն: Միաժամանակ գրիչներն ու ծաղկողները պարտադրապէս պիտի իմանային, նաեւ, այն ինչ գրուած էր քիմիական բովանդակութիւն ունեցող «գիրք Արհեստից» ժողովածուներուն մէջ եւ կը վերաբերէր գրչութեան ու մանրանկարչութեան: Իսկ այս կը նշանակէ առնուազն իմանալ սեւ ու կարմիր թանագ պատրաստելու, ներկեր եւ մագաղաթ պատրաստելու կերպերը:

Այսպէս է, որ Գր. Տաթեւացին կը վկայէ մագաղաթ պատրաստելու արուեստին ուսուցումը.

«Գիրքիս մագաղաթը նոյն ինքը մեծ վարպետ Յով. Որոտ. պատրաստեց իր ձեռքով եւ մեզի ալ սորվեցուց նոյն արհեստը»:

Տաթեւի նման ԺԱ դարէս սկսեալ նոյնպէս համբաւաւոր գրչական-նկարչական կեդրոն դարձաւ Անիի դպրոցը, որուն դէմք եւ ուղղութիւն տուին Գր. Մագիստրոսը, Անիի Սարգիս գիտնական վարդապետը եւ յատկապէս մայր քաղաքի բարձր դպրոցի ուսուցչապետ` Յով. Սարկաւագը:

Անիի եւ Հաղբատ-Սանահինի դպրոցները երկար ժամանակ այն արիւնատար երակներն էին, որոնք բուն ազգային, հինէն եկած բարձր արուեստով կը սնուցանէին հայ գրչութեան մեծ ու փոքր, եւ երկրին մէջ թէ դուրս հաստատուած գրչական-մանրանկարչական կեդրոնները: