Հայաստանի վերանկախացման 29-ամեակը կը յիշատակենք անկախութիւն նուաճած ժողովուրդի արդար հպարտութեամբ։ Հայ ժողովուրդը պաշարուած ըլլալով ծաւալապաշտ պետութիւններով, իր կարելիութիւններու գերլարումով եւ ազատութեան տենչով իրականացուց իր զաւակներուն երազը՝ Ազատ, Անկախ Հայաստանի վերակերտումը, հակառակ արցախեան ճակատին վրայ մղած իր կենաց մահու կռիւին եւ երկրաշարժի աղէտէն չապաքինած Հայաստանի տնտեսական ու ընկերային դժուարութիւններուն։

Բնակչութեան թիւով եւ տարածքով փոքր մեր երկիրը անկախութեան տիրացաւ իր յամառ պայքարով, ժողովրդավար ու անկախ հայրենիք կերտելու ձգտումով կռուի դաշտ նետուող արիներու մարտունակութեան, մեր դիւանագէտներու հսկայածաւալ աշխատանքին եւ  մեր ժողովուրդի միասնութեան շնորհիւ։

Եռագոյնն ու անկախ Հայաստանի զինանշանը սփիւռքի մէջ եօթանասուն տարի որպէս սրբութիւն պահպանուելէ ետք վերադարձան մայր հայրենիք, եւ հայկական եռագոյնը անկաշկանդ ծածանիլ սկսաւ Հայաստանի խորհրդարանի շէնքին կատարին։ Եռագոյնն ու զինանշանը պարզապէս խորհրդանիշներ չէին, այլ ազգային ազատագրական պայքարի արդիւնքով նուաճուած, մեր ժողովուրդին քաղաքակրթութիւնը, հայկական լեռնաշխարհին մէջ կերտած փառքերը, թափած արիւնը, տարած աշխատանքը, մեր հողին բերքը եւ մեր կապոյտ երկինքը կը մարմնաւորէին, սերունդէ-սերունդ փոխանցելով այդ ժառանգութեան տիրութիւն ընելու թելադրանքը։

29 տարի շարունակ Հայաստանի քաղաքական դաշտը եւս զարգացումներ ապրեցաւ։ Մենք ականատես եղանք ընդդիմութիւն-իշխանութիւն հակադիր կեցուածքներու, ինչ որ բնական էր նորանկախ երկրի մը ժողովրդավարական քայլերու ամրագրման համար։ Այսօր, տակաւին ընդդիմութիւն-իշխանութիւն տարակարծութիւնները մերթ ընդ մերթ անհաշտ աչքով կը դիտուին, երեւոյթ մը որ յարիր չէ ժողովրդավարական արդար հասարակարգի համար պայքարող ժողովուրդներուն։ Յատկապէս մեր Ժողովուրդին, որ տակաւին իր իտէալներուն մեծ մասին իրագործման համար կը պայքարի տարբեր ճակատներու վրայ՝ հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի։

Առողջ ընդդիմութիւնը իշխանութիւնը զգաստ պահելու եւ կարծիք-հակակարծիք դէմ դիմաց բերելով լաւագոյնին ձգտելու համար կը պայքարի։

Հայաստանի եւ Արցախի անկախութիւնը նուաճած մեր ժողովուրդը արժանի է վայելելու իր իսկ կերտած հայրենիքին մէջ արդար հասարակարգ, Ժողովրդավարութեան լիիրաւ կիրարկում, պահպանելու ազգային իր արժեչափերը եւ հզօր բանակին կողքին ունենալու երկրի կառավարման կատարելագործուող համակարգ եւ քաղաքական զարգացող մշակոյթ։

Հայաստանը այսօր ունի այս բոլորը իրականացնելու ենթահողը։ Տարիներէ ի վեր, պաշարուած ըլլալով յարձակողապաշտ դրացիներով, մեր երկիրը փաստօրէն խաղաղութիւն կ’արտածէ, ոչ միայն օժանդակութիւն կը ստանայ, այլ ինք եւս կ’օժանդակէ Սփիւռքի տարբեր համայնքներուն։

Այսուհանդերձ, մեր հայրենիքին մէջ կը նկատենք ազգային մեր նկարագրին ու ժառանգութեան հանդէպ հաւատքի նուազում։ Օտար բարքերը գրաւիչ պիտի չդարձնեն մեր երկիրը, ընդհակառակն․ փոքր ազգերն ու պետութիւնները իրենց իւրայատուկ ազգային դիմագիծով ու ժառանգութեամբ ազդեցիկ ներկայութիւն կրնան դառնալ համայն աշխարհին մէջ, պահպանելով իրենց ինքնութեան հիմքերը եւ ազգայինը առնչելով համամարդկային քաղաքակրթութեան ու արժէքներուն։ Քաղաքակրթութիւններու ազդեցութիւնը նուազ գրաւչութիւն չունի, որքան որ ունին զբօսաշրջական գեղատեսիլ վայրերը։

Ուստի համաշխարհայնացման համայնակուլ բարքերը մեզ կլանելու եւ պարզապէս թիւ եւ ոչ թէ որակ դարձնելու չեն, ինչպիսի գրաւչութիւն ալ ունենան անոնք։

Կարելի է արդիականանալ պահելով ու հարստացնելով մեր ազգային ժառանգութիւնը, որովհետեւ այդ հիմքին վրայ պիտի կառուցուին մեզ զատորոշող ու մեր ինքնութիւնը պահպանող զարգացումները։

Եթէ Ատրպէյճանի նման երկիրներ, ներքին կառավարման փտած համակարգով, կրնան միայն իրենց քարիւղին վստահիլ, մեր երկիրը, համեմատաբար շատ աւելի ժողովրդավար ու ազատ, իր զինուորական, գիտական, մշակութային, քաղաքակրթական, յատկապէս սփիւռք-հայրենիք ամրապինդ գործակցութեան շնորհիւ կրնայ վերածուիլ տարածաշրջանի մէջ իւրայատուկ երկրի մը եւ իր իւրայատկութիւնը զանազան ծրագիրներով ծառայեցնել երկրին ու ժողովուրդին յառաջընթացքին։

Հայաստանի վերանկախութեան տօնը հպարտութեամբ, վառ յոյսերով, մեր ուժերուն հանդէպ առաւել հաւատքով  կը տօնենք։

Մեր հայեացքը անշեղօրէն կ’ուղղուի ազատ ու անկախ հայրենիք, ուր ալ ապրինք, ուր ալ գտնուինք, որովհետեւ քաջ գիտենք, որ ազատ ու զարգացող հայրենիքը մեր ազգային իղձերու իրականացման կայուն երաշխիքն է։

Շնորհաւոր ըլլայ տօնդ, Հայաստա՛ն։ Թող Սահեանի խօսքով՝ գարուններդ միշտ հայերէն գան, արեւդ ծագի հայերէն, գիրերդ տոկան հայերէն ու Արարատ սարդ պայծառ օր մը ՅԱՌՆԷ հայերէն։

«Գ.»