Կիրակի, 20 Սեպտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Խորհրդարանը դոկտ․ Համուտա Սապպաղի նախագահութեամբ իր անդրանիկ նիստը գումարեց, ներկայութեամբ Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուսի եւ կառավարութեան նախարարներուն: Խորհրդարանի նախագահ Համուտա Սապպաղ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Խորհրդարանն ու նախարարները միասնաբար ժողովուրդին կարիքները պիտի հոգան, յայտնելով, որ Սուրիան զինուորական պատերազմէն յաղթական դուրս եկաւ, իսկ ներկայիս Սուրիոյ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ տարբեր տեսակի պատերազմներ, ինչպէս՝ տնտեսական, տեղեկատուական, հոգեկան, դիւանագիտական եւ այլն, որոնց հետեւանքները օրէ օր կը սաստկանան: Սապպաղ իր խօսքին մէջ յիշեց սուրիական հզօր բանակը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց քաջարի զինուորներուն՝ իրենց զոհողութեան համար։ Այնուհետեւ լուսարձակի տակ առաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի Խորհրդարանի անդամներուն հետ ունեցած անդրանիկ հանդիպումին ընթացքին ուղղած թելադրանքները, որոնց կարեւորագոյն կէտերէն մէկն էր ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ ժողովուրդին կարիքներուն ապահովումը:
Իր կարգին, վարչապետ Հուսէյն Արնուս խօսք առնելով ըսաւ, որ ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ կառավարութիւնը առաջնահերթութիւն կը համարէ արդիւնաբերական հատուածին վերականգնումը՝ նոր արտադրութիւններ աւելցնելու եւ շուկայի բազում կարիքները ապահովելու նպատակով։ Ան շեշտը դրաւ նաեւ զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացման եւ զբօսաշրջային ներդրումներու ապահովման համար ծրագիրներու մշակման վրայ: Անդրադառնալով քարիւղի հատուածին, Արնուս յայտնեց, որ կառավարութիւնը յարմար միջոցներու պիտի դիմէ կարելի սահմաններուն մէջ քարիւղային արտադրութիւնը բարելաւելու, եւ քարիւղի վնասուած հորերը վերանորոգելու, ինչպէս նաեւ քարիւղային արտադրութիւններու բաշխման ընթացքը հեսազահ դարձնելու համար: Աւարտին, Արնուս կոչ ուղղեց Խորհրդարանի անդամներուն Հասիչէի համար մնայուն եւ ապահով ջուրի աղբիւր տրամադրելու եւ Լաթաքիոյ ջրամբարներուն թիւը աւելցնելու: