ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը մեծ ցաւով կը տեղեկացնէ գաղափարական ընկեր, ականաւոր այրուածքաբան, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր Նորայր Դաւիթեանի մահը եւ ՀՅԴ Հայաստանի մեծ ընտանիքի անունով կը ցաւակցի  սիրելի ընկերոջ ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ գործընկերներուն:

Յիրաւի, անուրանալի է ՀՀ առողջապահութեան նախկին նախարար Նորայր Դաւիթեանի աւանդը նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահական համակարգի կայացման եւ զարգացման ճանապարհին: Որպէս համակարգի ճանչցուած գործիչ եւ ոլորտի խորագիտակ` իր գիտական տեսութիւններն ու զարգացման ծրագիրները կիրառուած են նաեւ հանրապետութեան սահմաններէն դուրս:

Նորայր Դաւիթեանի հոգեհանգիստը տեղի կ’ունենայ 22 Սեպտեմբերին, ժամը 18:00-ից, Նոր Նորքի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (հասցէ . Երեւան, Նոր Նորքի 5-րդ զանգուած, Գալշոյեան փողոց, 46), յուղարկաւորութիւնը` յաջորդ օրը, նոյն եկեղեցւոյ մէջ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին
20.09.2020 թ.