19 Սեպտեմբեր 2020-ին «Արամ Մանուկեան» կեդրոնէն ներս, ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի նախաձեռնութեամբ, տեղի  ունեցած է կուսակցութեան մարզային կառոյցներու ներկայացուցիչներու ընդլայնուած խորհրդակցութիւն:

Օրակարգին երկրի ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներն էին, քաղաքական իշխանութեան գործունէութեան գնահատականը եւ Դաշնակցութեան յառաջիկայ ընելիքները:

Քննարկումներւ հետեւանքով կատարուեցան հետեւեալ հաստատումները.

-Տարածաշրջանային ահագնացող սպառնալիքներուն զուգընթաց, երկիրը կանգնած է արտաքին քաղաքական մեկուսացման վտանգի առջեւ: Արցախեան բանակցային գործընթացին յստակ ռազմավարութեան բացակայութիւնը, ինչպէս նաեւ մարտավարական ձախողումները, ներազգային համերաշխութեան եւ համախմբման դէմ կատարուող գործընթացները կը թուլացնեն հայկական կողմերո դիրքերը եւ կը մեծցնեն պատերազմի սպառնալիքը:

-Հասարակական յարաբերութիւններու մէջ կը խորանայ անհանդուրժողականութեան, ատելութեան ու թշնամանքի մթնոլորտը: Կը նսեմացուին ազգային եւ աւանդական արժէքներն ու հիմնարկները:

-Կասեցուած է երկրի զարգացման ընթացքը: Տնտեսութիւնը անկում  ապրած է, չկան նոր ներդրումներ, կ’աւելնան գործազրկութիւնն ու աղքատութիւնը:

-Ընկերային, առողջապահական, կրթական եւ մշակոյթի ոլորտներէն ներս իրականացուող քաղաքականութիւնը լիովին ձախողած է:

-Ձեւախեղուած է խորհրդարանական կառավարման համակարգը, հաստատուած է անձնիշխանութիւն: Մերժուած արատներն ու բարքերը նոր դրսեւորումներ կը ստանան: Մէկ անձի ձեռքը կեդրոնացած է օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւնը:

-Պսակաձեւ ժահրի համավարակի հակաճգնաժամային կառավարման ձախողումը առաւել ակնառու դարձուց պետութեան կառավարման հարցով վարչախումբի անկարողութիւնը:

-Ներկայիս Ազգային ժողովը, որպէս առաջնային պատասխանատու քաղաքական մարմին, այլեւս չ’արտայայտեր ժողովրդային լայն զանգուածներուն տրամադրութիւններն ու քաղաքական ուժերուն իրական յարաբերակցութիւնը, կորսնցուցած է ներկայացուցչական մարմնի յատուկ դերակատարութիւնը եւ ի վիճակի չէ լուծելու առկայ մարտահրաւէրները:

մեկնելով խորհրդակցութեան արդիւնքներէն` ՀՅ Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինը վերահաստատեց.

1.Հայաստանի մէջ նոր որակի իշխանութեան ձեւաւորումը այլընտրանք չունի:
2.Նոր իշխանութեան առաջնահերթ հարցերը պէտք է ըլլան ներազգային համերաշխութեան հաստատումը, առկայ ճգնաժամի յաղթահարումը եւ ազգային ուղեգիծով երկրի զարգացման ապահովումը:
3.Հանրութեան լայն շրջանակներու ընդգրկումով` անհրաժեշտ է նոր թափ հաղորդել այս նպատակը ապահովող քաղաքական աշխատանքներուն: