«Արմէնփրէս».- ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան իր մեկնաբանութեան մէջ յայտնած է, որ Ատրպէյճանի նախագահին` «Ապշերոն» հանքավայրի ծովային գործողութիւններու հիմնարկէքի  արարողութեան ընթացքին կատարուած յայտարարութիւնները խորապէս հիասթափեցնող են: Անոնք  ցոյց կու տան հարեւան երկրի ղեկավարի անկարողութիւնը` սթափ եւ առանց ցաւագին յոյզերու ընկալելու ստեղծուած իրականութիւնը եւ իր սեփական դերակատարումը այդ իրականութեան ձեւաւորման գործով:

«Նմանօրինակ հռետորաբանութիւնը,ուր  առկայ են բացայայտ անհիմն եւ անգամ սուտ պնդումներ, պատիւ չեն բերեր որեւէ երկրի ղեկավարին:

Մենք կը գիտակցինք խաղաղ գործընթացին Ատրպէյճանի կողմէն Ապրիլ 2016-ի յարձակումով եւ Յուլիս  2020-ի ռազմական արարք ձեռնարկելու հետեւանքով հասցուած վնասները: Որպէսզի այդ վնասները չդառնան անդառնալի, Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը պէտք է վերանայի ուժի կիրառումին եւ ուժի սպառնալիքի իր քաղաքականութիւնը, հրաժարի արտատարածաշրջանային ուժերու ներգրաւումով Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապակայունացման փորձերէն եւ պատրաստուի խաղաղ միջոցներով հարցի կարգաւորման:

Հայաստանը վստահ է իր կարողութիւններուն վրայ` պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման եւ պատմական հայրենիքի մէջ ապրելու իրաւունքը, եւ այդ վստահութեամբ վերստին կ’ընդգծենք, որ հարցի խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի», ըսուած է մեկնաբանութեան մէջ: