Երկուշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական-հայկական բարեկամական յարաբերութիւնները արձանագրուած են պատմութեան էջերուն մէջ: Սուրիա եւ Հայաստան յաճախ ունեցած են նոյն կեցուածքը մարդկային, մշակութային եւ քաղաքական տարբեր հարցերու շուրջ, յարգելով պետութիւններու գերիշխանութեան պահպանման գաղափարը եւ միջազգային խաղաղապահական օրէնքները:
Ամէն տարի 21 Սեպտեմբերին Հայաստան կը յիշատակէ իր անկախութեան տօնը, այս տարի եւս ողջ հայութիւնը անկախութեան 29-ամեակը կը տօնէ: Սուրիոյ պատմութեան եւ յիշողութեան մէջ արձանագրուած է Սուրիոյ ժողովուրդին գրկաբաց ընդունումը Օսմանեան կայսրութեան ոճիրներէն մազապուրծ գաղթական հայերուն եւ անոնց նեցուկ կանգնելու պատրաստակամութիւնը։ Հայերը տարիներու ընթացքին դարձան սուրիական հասարակութեան անքակտելի մասնիկը:
Իր կարգին Հայաստան պատերազմի դաժան տարիներուն աջակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ ժողովուրդին ահաբեկչութեան դէմ իր պատերազմին մէջ։ ՀՀ-ի դեսպանատունը շարունակեց իր աշխատանքը եւ չփակեց իր դռները Սուրիոյ մէջ:
Յիշենք, որ 13 Փետրուար 2020-ին Սուրիոյ Խորհրդարանը ընդունեց 1915-ին Օսմանեան Կայսրութեան իրագործած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: