Երկուշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով տեղի ունեցաւ Հալէպի հայ հոգեւոր երեք պետերու, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներու ընդունելութիւն Հիւպատոսարանի շէնքէն ներս, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 29-ամեակին առիթով։
Պսակաձեւ ժահրի համավարակին պատճառով հրաւիրեալներուն թիւը սահմանափակ էր։ Ընդունելութեան բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգով։
Ապա ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան բարի գալուստ մաղթելով շնորհաւորեց ներկաները անկախութեան տօնին առիթով եւ շեշտեց, որ Հայաստան 1991-էն մինչեւ օրս՝ 29 տարիներու ընթացքին բազմակողմանի զարգացում ապրեցաւ, յայտնուելով ողջ հայութեան ուշադրութեան կիզակէտին մէջ, հակառակ տիրող բազմապիսի դժուարութիւններուն։ Ապա ան ոգեկոչեց անկախութեան համար իրենց կեանքը նուիրաբերած նահատակները եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիա գտնուող ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան խումբի գնդապետին, սակրաւորներուն, որոնք այսօր ականազերծուած հողատարածք մը յանձնեցին Հալէպի պետական մարմիններուն եւ ժողովուրդին։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ խումբի մասնագէտ բժիշկներուն , որոնք պետական թէ հայկական բժշկական կեդրոններուն մէջ կը ծառայեն ու կեանքեր կը փրկեն։ Գլխաւոր հիւրատոսը այս առաքելութիւնը երախտագիտական արտայայտութիւն համարեց Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն գրկաբաց ընդունեցին ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակները։
Այնուհետեւ ներկաները միասնաբար հատեցին ՀՀ անկախութեան 29-ամեակին նուիրուած կարկանդակը։
Ապա ներկաները հրաւիրուեցան մտերմիկ ընթրիքի, ուր խօսք առաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մասիս Սրբ․ Եպս․ Զօպուեան։
Սրբազան հայրը անկախութեան գաղափարը մեր ժողովուրդին առաքելութիւնը համարեց։ Առաքելութիւն մը, որուն համար ան պայքարեցաւ ու կերտեց իր անկախ պետութիւնը 28 Մայիս 1918-ին, ապա նաեւ 21 Սեպտեմբեր 1991-ին։ «Մեր ժողովուրդը պետականամէտ ժողովուրդ է, մէկ բռունցք դարձած կը պայքարի իր պետութեան ամրակայման համար», դիտել տուաւ Գերշ․ Սրբազան հայրը, աւելցնելով, որ սուրիահայութիւնը մշտապէս նեցուկ կանգնած է հայրենի պետութեան թէ՛ նիւթապէս, իր բարւոք օրերուն, թէ Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւնները ամրապնդելու իմաստով եւ թէ իր հայեացքը տեւաբար Մայր Հայրենիք ուղղելով։
Սրբազան հայրը յարգանքով յիշեց հայ ժողովուրդին ու հայոց պետականութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսները, աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ անոնց կերտած ուղին ծաղկի նոր յաղթանակներով։
Ապա ան շնորհաւորեց հայ ժողովուրդը, հայրենի պետութիւնը անկախութեան տօնին առիթով ու վերելք մաղթեց Հայաստանին ու Արցախին։