«Էրմէնիհապեր».-Ֆրանսայի Տեսին քաղաքին մէջ  24 Յուլիսին թրքական ծայրայեղական «Գորշ Գայլեր» խմբաւորման տասնեակ զինուած երիտասարդներ յարձակած էին հայ խաղաղ ցուցարարներուն վրայ եւ նիւթական մեծ վնասներ պատճառած էին: Ձերբակալուած էին կազմակերպիչը` Ահմետ Չեթին եւ այդ կազմակերպութեան  4 անդամները: Անոնք մեղադրուած են հայերուն դէմ ատելութիւն հրահրելու մէջ:

Յիշենք, որ այս մէկը 24 Յուլիսին տեղի ունեցած դէպքին առնչութեամբ Հայկական Հարցի պաշտպանութեան կոմիտէի` (CDCA) ներկայացուցած երկու բողոքներէն մէկն է: Երկրորդ բողոքի նշանակէտը զինուած հաւաքի գործողութիւններն են:

17 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած է այդ գործով դատական առաջին նիստը:

Ֆրանսայի Պուրք ան Պրեսի դատախազութեան կողմէն Չեթինի մասին կազմուած մեղադրական եզրակացութեամբ նշուած յանցանքին համար 6 ամսուայ պայմանական բանտարկութիւն, 5 տարի ընտրուելու իրաւունքէն զրկուելու եւ 2․000 եւրօ վճարելու պահանջ  ներկայացուած է:

Փաստաբանը յայտնած է, որ Չեթին ընդունած է իր սխալը ու դադրեցուցած է քաղաքական բոլոր գործունէութիւնները:

Նշենք, որ Չեթին ընկերային ցանցի  ուղիղ սփռումին ընթացքին ըսած էր․

«Թուրքիոյ կառավարութիւնը թող ինծի ամսական 2․000 եւրօ եւ զէնք տրամադրէ, ես  Ֆրանսայի որեւէ մէկ կէտի վրայ կ’ընեմ  ինչ որ անհրաժեշտ է»:

Դատավճիռը պիտի կատարուի 5 Նոյեմբերին:

Յիշեցնենք, որ մօտ 500 ֆրանսահայեր 24 Յուլիսին խաղաղ բողոքի ցոյց  իրականացուցին ընդդէմ Ատրպէյճանի սադրանքներուն: Թրքական աջակողմեան, ծայրայեղական «Գորշ Գայլեր» խմբաւորման անդամները թրքական դրօշներով, երկաթէ ձողերով եւ դանակներով յարձակած էին հայ խաղաղ ցուցարարներուն վրայ: Սակայն յարձակումը կանխուած էր ֆրանսական ոստիկանութեան միջամտութեան հետեւանքով: